image

Սփիւռքի գրասենեակը վերատեսութեան կ՚ենթարկէ իր ծրագիրները

Սփիւռքի գրասենեակը վերատեսութեան կ՚ենթարկէ իր ծրագիրները

ՀՀ Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ըսած է, որ  շարք մը ծրագրեր պիտի վերանայուին կամ պիտի կասեցուին:

Սինանեանի համաձայն՝ Սեպտեմբերին նախատեսուած Համահայկական համաշխարհային վեհաժողովին մասնակցելու հրաւէրներու ուղարկումը այս պահուն կասեցուած է:

Ինչ կը վերաբերի «Ի գործ» ծրագիրին, որ պիտի սկսէր 1 Յուլիսին, այս պահուն դեռ չէ կասեցուած.

«Մենք կը շարունակենք յայտեր ընդունիլ, ծրագիրը չենք չեղարկեր, բայց հնարաւոր է՝ ժամկէտներու յետաձգում ըլլայ»:

«Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը, որու ծիրէն ներս շուրջ 800 երեխայ պէտք է այցելէր Հայաստան 1 Յունիսին, դեռ ուղղումներու փուլին մէջ է:

«Կը հետեւինք իրադարձութիւններու զարգացման եւ համապատասխան որոշում կ'ըլլայ», - ըսած է Զարեհ Սինանեան: