image
Հրատապ լուրեր:

Սիւնիքի մարզ հասած ատրպէյճանի կալանքը կ՚երկարաձգուի

Սիւնիքի մարզ հասած ատրպէյճանի կալանքը կ՚երկարաձգուի

Կապանի դատարանին մէջ, 9 Յունիսին մեկնարկեց ատրպէյճանցի զինուոր Հուսէյն Ախունտովի դատավարութիւնը:

Ապրիլի սկիզբը, Նախիջեւանէն Սիւնիք ներթափանցած զինուորը կը մեղադրուի Զանգեզուրի մետաղագործութեան գործարանի պահակը սպաննելու, Հայաստանի սահմանը ապօրինաբար հատելու եւ հրազէն ու ռազմամթերք տեղափոխելու մէջ:

Դատախազութիւնը աւելի կանուխ տեղեկացուցած էր, որ Հայաստան ներթափանցած ատրպէյճանցի զինուորը ուզած է ապօրինի կերպով հատել Հայաստանի սահմանը եւ անցնիլ Իրան: Այդ նպատակով է, որ ան յափշտակած էր պահակին բջիջային հեռաձայնը եւ փորձած աշխատցնել տարածքին մէջ գտնուող ինքնաշարժին շարժիչը, սակայն չկարենալով` դիմած էր փախուստի:

Ախունտովը եւ անոր ծառայակիցը` Ագշին Պապիրովը յայտնաբերեցին Սիւնիքի բնակիչներ եւ զանոնք յանձնեցին իրաւապահներուն:

Պապիրով արդէն դատապարտուեցաւ 11.5 տարուան բանտարկութեան՝ պետական սահմանը ապօրինի հատելուն եւ ռազմամթերք տեղափոխելուն համար:

Դատական նիստէն ետք, տուժող կողմի փաստաբան Կարէն Ալաւերդեան ըսաւ, որ Ախունտով ընդունեց իր յանցանքը: «Մեղադրեալը, այո՛, յայտարարեց, որ ամբողջութեամբ ընդունում է իր մեղքը, զղջած կատարուածի համար: Խափանման միջոցի հետ կապուած` մեղադրեալին կալանքի տակ պահելու ժամկէտը երկարաձգուեց երեք ամսով», ըսաւ ան:

Յաջորդ դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ 21 Յունիսին. փաստաբանը կ՛ենթադրէ, որ հաւանաբար այդ օրն ալ վճիռը կը հրապարակուի: