Շոյկու արդիական հրթիռներ ցոյց տուած է Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդին

Շոյկու արդիական հրթիռներ ցոյց տուած է Հիւսիսային  Քորէայի  առաջնորդին

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ըն շաբաթ առաւօտեան այցելած է Ռուսիոյ Փրիմորէի երկրամասի Քնեւիչի օդակայանը։ Այստեղ զինք դիմաւորած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկու։ Շոյկու անոր ցոյց  տուած է Ռուսիոյ օդուժի մարտավարական օդանաւերը, ինչպէս նաեւ «Քինժալ» հրթիռը։

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով Ռուսիա կը գտնուի 13 սեպտեմբերէն։ Երկու երկիրներու ղեկավարներու՝ «Վոստոչնի» տիեզերակայանին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն յետոյ Քիմ Չեն Ըն այցելած է ռուսական ռազմարդիւնաբերութեան քանի մը կառոյցներ։