image

Շիջեցաւ Լիբանանցի անուանի երգիչ՝ Սամի Քլարքը

 Շիջեցաւ Լիբանանցի անուանի երգիչ՝ Սամի Քլարքը

 Ծնողներուն հետ երգէն հեռու մնալու պնդումներուն դէմ Քլարք հակարդարձած է աշխատասիրութեամբ եւ համակ կեանք մը նուիրած է երգին ու երաժշտութեան։ Պիտի յիշատակուի Սամի Քլարքի անունը եւ պիտի հնչեն իր երգերը, այնքան ատեն, որ արուեստի ոգի ունեցող իր երգերը պիտի հնչեն ու լեցնեն բոլոր ժամանակներու ձայնի աշխարհը։ 

Պէյրութի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է լիբանանցի անուանի երգիչ՝ Սամի Քլարքը։

«Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն քաղեց ՝լիբանանեան լրասփիւռներէ։

Սամի Քլարք (Ծնեալ Տհուր Շուէյր 1948-ին) կը համարուի 70-ականներու լիբանանեան երգարուեստի առաջատար դէմքերէն մին։

Համագործակցելով լիբանանեան էսթրատայի աչքառու դէմքերուն հետ Քլարք կարողացաւ Պէյրութեան իր կատարումները հանել միջազգային բեմեր  (ի մասնաւորի եւրոպական) ու նաեւ մասնակցիլ երգարուեստի փառատօններու։

 Ան նաեւ կարեւոր դեր ունեցաւ պատանի սերունդներուն մէջ երգին հանդէպ վառ սէր մը աճեցնելու նպատակային առաքելութեան մէջ, հակառակ անոր, որ քաղաքացիական պատերազմը արիւնագամ եւ բզիկ-բզիկ ըրած էր արաբական մշակոյթի առաջատար կեդրոն համարուած Պէյրութը։