«Արեւելք»ի հետեւորդներուն յիշեցնենք, որ 2019 թուականէն ասդին Լիբանան յայտնուած է տնտեսական բարդագոյն վիճակներու մէջ, որուն հետեւանքով ալ մեծ թիւով հայորդիներ յայտնուած են բառիս բուն առումով անպատսպար վիճակի մը մէջ։
Ճիշդ է, որ Լիբանանի հայկական միջավայրին մէջ կարեւոր առաքելութեան գլուխ կանգնած են բարեսիրական-ընկերային տարբեր կազմակերպութիւններ, սակայն նոյնիսկ անոնց ցոյց տուած մեծ նեցուկին զուգահեռ համայնքի որոշակի մէկ հատուածը կը շարունակէ համարուիլ կարօտեալ։
Լիբանանահայ երգիչ՝ Ռազմիկ Ճուլֆայեանի մասին (ճանչցուած՝ Ռազի անունով) գրած ենք տարբեր առիթներով։
Իր երգերով եւ գրաւիչ ձայնով հռչակի հասած երգիչը վերջին տարիներուն ինքնաբուխ կերպով կը կատարէ նաեւ բարեսիրական գործունէութիւն։
Ան առանց խտրութեան օգնութեան կը հասնի Լիբանանի հայկական համայնքի անապահով խաւերուն եւ իր իսկ սեփական միջոցներով օգնութիւն կը հասցնէ կարօտեալ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։
Լիբանանահայ երգիչ՝ Ռազմիկ Ճուլֆայեան (Ռազի) յօգուտ կարօտեալ հայրնակիցներուն @arevelk1 pic.twitter.com/0XpYA444H9
— arevelk.am (@arevelk1) December 27, 2023
«Արեւելք»ի հետեւորդներուն յիշեցնենք, որ 2019 թուականէն ասդին Լիբանան յայտնուած է տնտեսական բարդագոյն վիճակներու մէջ, որուն հետեւանքով ալ մեծ թիւով հայորդիներ յայտնուած են բառիս բուն առումով անպատսպար վիճակի մը մէջ։
Ճիշդ է, որ Լիբանանի հայկական միջավայրին մէջ կարեւոր առաքելութեան գլուխ կանգնած են բարեսիրական-ընկերային տարբեր կազմակերպութիւններ, սակայն նոյնիսկ անոնց ցոյց տուած մեծ նեցուկին զուգահեռ համայնքի որոշակի մէկ հատուածը կը շարունակէ համարուիլ կարօտեալ։
Ահա այդ խաւերուն օգնութեան ձեռք մեկնած է լիբանանահայ սիրուած երգիչը, որ նաեւ այդ մասին ալ կատարած է համեստ գրառում մը.
Ստորեւ գրառումը՝
ՈՒրբաթ 21 Դեկտեմբեր 2023-ին նոր տարուան եւ Ս.Ծննունդի առիթներով այցելեցի Ազունիէի ազգային բուժարան ուր հանդիպեցայ մեր սիրելի մայրերուն եւ հայրերուն, հաճելի զգացողութիւն մըն է ըլլալ այն մարդոց հետ, որոնք իսկապէս երջանիկ կը զգան երբ կ՚այցելես իրենց։ Թող այս նոր տարին երջանկութիւն խաղաղութիւն պարգեւէ ամբողջ աշխարին եւ մանաւանդ Հայաստան աշխարհին։ Յիշենք մեր նմանը եւ ուրախացնենք անոնց։