image

Շաւարշ Քոչարեան ազատուած է նախարարի տեղակալի իր պաշտօնէն

Շաւարշ Քոչարեան ազատուած է նախարարի տեղակալի իր պաշտօնէն

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ Շաւարշ Քոչարեանն ազատուած է ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալի պաշտօնէն։

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 9-րդ յօդուածի 1-ին մասով՝ Շաւարշ Քոչարեանը ազատել Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնէն»,– ըսուած է որոշման մէջ:

Շաւարշ Քոչարեանն ԱԳ նախարարի տեղակալ նշանակուած էր 8 յունիս 2018-ին` ՀՀ վարչապետի որոշմամբ:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ մամուլի մէջ տարածուած էր, որ Շաւարշ Քոչարեանը աշխատանքէ ազատման դիմում ներկայացուցած էր։