image

Պէյրութէն դրական լուրեր. Լիբանան այսօր կրնայ նոր նախագահ մը ունենալ

Պէյրութէն դրական լուրեր. Լիբանան   այսօր կրնայ նոր նախագահ մը ունենալ

Լիբանանահայ լրագրող՝ Սագօ Արեանի դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝ 

 

Վերջապէս Լիբանանէն դրական լուրեր սկսան հասնիլ։ Այսօր յետմիջօրէի ժամերուն եւ յատկապէս երկրի խորհրդարանական խմբակցութիւններու «ներքին խոհանոց»ին մէջ հաստատակամ  «այո» ձայներ սկսած են լսուիլ  Բանակի Հրամանատար Զօր. Ժոզէֆ Աունի նախագահ ընտրուելուն առընթեր։

Յիշեցնեմ, որ նիստը պիտի գոյանայ վաղը առաւօտուն եւ ընտրուելու պարագային Զօր. Աուն պիտի ըլլայ բանակի 5-րդ հրամանատարը, որ կը հասնի  Պաապտայի նախագահական պալատ։

 Այս փուլին Լիբանանի համար,  Զօրավարին ընտրութիւնը մեծ յոյս պէտք է համարել  ամբողջ Լիբանանին եւ բոլոր լիբանանցիներուն։

 Ընտրութեան յաջողութեան պարագային կարող եմ ըսել, որ Լիբանանը շրջանային տագնապներէն կերպով մը պիտի «փրկուի» ու երկիրը պիտի մտնէ  բարգաւաճման եւ  ամբողջական վերականգնումի  փուլ մը։

 Սխալ չհասկնաք, սա ենթադրութիւն չէ, այլ շրջանային ազդեցիկ ուժերուն՝ ԱՄՆ-ի, եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանին համար նախատեսուած ու պատրաստուած ծրագիր մը։

Ես անձնապէս լաւատես եմ։