image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի ԱԽ քարտուղարը մեկնած է Պաքու, ան նաեւ Երեւան պիտի այցելէ

Իրանի ԱԽ քարտուղարը մեկնած է Պաքու, ան նաեւ Երեւան պիտի  այցելէ

Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանը, հարաւկովկասեան տարածաշրջանի երկիրներու հետ քաղաքական-անվտանգային յարաբերութիւններու ամրապնդման նպատակով, ատրպէյճանական կողմի հրաւէրով մեկնած է Պաքու:

Իրանեան IRNA գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան Պաքուէն ետք պիտի ժամանէ Երեւան։ 

Ահմատիանը Պաքուի եւ Երեւանի մէջ իր պաշտօնակիցներէն բացի պիտի հանդիպի նաեւ երկիրներու ղեկավարուն։

Ինչպէս նշած է աղբիւրը, այս ուղեւորութեան նպատակներէն են երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդումը քաղաքական, անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ խորհրդատւութիւնը ուժանիւթի, միջանցքներու եւ հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հետ կապուած հարցերուն մէջ փոխգործակցութեան աւելացման նպատակով։