image

26 տարի Ատրպէյճանն ունէր ազգ-նաhատակ ընկալում. Լեւոն Քոչարեան

26 տարի Ատրպէյճանն ունէր ազգ-նաhատակ ընկալում. Լեւոն Քոչարեան

2 օր առաջ այս ամպիոնէն հնչեց Նիկոլ Փաշինեանի հերթական կեղծիքն ու սուտը։ Այս ամպիոնը թերեւս կը դիմանայ այդ սուտերուն, բայց այս երկիրը այդ կեղծիքներուն եւ դաւաճանութիւններուն երկար դիմանալ չի կրնար:  Այս մասին այսօր Ազգային Ժողովէն ներս ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանը:

Քոչարեանը անդրադարձած է Փաշինեանի՝ ազգ-նահատակի վերաբերեալ ելոյթին, նշելով, որ 26 տարի շարունակ աշխարհը հայերը կ՚ընկալէր որպէս յաղթանակած ազգ, միւս կողմէ Ատրպէյճանն ունէր այդ ազգ-նահատակի ընկալումը։

«Սա նաեւ մեր ինքնագիտակցումն էր, եւ սրա հետ կը համաձայնուեն մեր հայրենակիցները, որ ապրում են թէ Հայաստանում, թէ արտերկրում։ Եւ միւս կողմից Ադրբեջանն ունէր ազգ-նահատակի ընկալումը, որովհետեւ անընդհատ խօսում էր իր կորցրած 20 տոկոս տարածքի եւ հարիւր-հազարաւոր փախստականների մասին»,- ըսած է ան: