image
Հրատապ լուրեր:

Գանատան մերժած է ԱՄՆ-ի հետ միաւորուելու Թրամփի առաջարկը

Գանատան մերժած է ԱՄՆ-ի հետ միաւորուելու Թրամփի առաջարկը

Գանատայի իշխանութիւնները յունուար 7-ին կտրականապէս անհամաձայնութիւն յայտնած են ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Գանատան ԱՄՆ-ի մաս դառնալու առաջարկին։

«Մեր տնտեսութիւնը զօրաւոր է: Մեր ժողովուրդը զօրաւոր է: Մենք երբեք չենք նահանջեր սպառնալիքներու առջեւ»,- գրած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին X-ի էջին:

«Չկայ առիթ, որ Գանատան դառնայ Միացեալ Նահանգներու մէկ մասը: Մեր երկու երկրի աշխատաւորական ու տեղական համայնքները կը շահին առեւտուրի եւ անվտանգութեան ոլորտի մէջ իրար համար ամենամեծ գործընկերները ըլլալէն»,- գրած է վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն:

ԱՄՆ նորընտիր նախագահը, սակայն, այլ դիրքորոշում ունի: Թրամփ յունուար 6-ին Truth Social-ի էջին գրած է. «Մենք տարեկան հարիւր միլիառաւոր տոլարներ կը ծախսենք գանատացիները պաշտպանելու, Գանատայի մասին հոգ տանելու համար։ Իսկ առեւտրային պակասի պատճառով շատ բան կը կորսնցնենք։ Մեզի պէտք չեն անոնց մեքենաները, փայտանիւթը, կաթնամթերքը: Անոնց ունեցած ոչ մէկ բանը մեզի պէտք է: Այսպիսով, ինչու մենք աւելի քան 200 միլիառ տոլար կը ծախսենք Գանատայի պաշտպանութեան համար»,-ըսած է քաղաքական գործիչն ու աւելցուցած. «Մենք իրաւունք ունինք չօգնելու անոնց իրենց ֆինանսական դժուարութիւններու հարցով, որովհետեւ մենք ունինք 36 թրիլիոն տոլարի պարտք»։