image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Անգարայի ուղետոմսերը դէպի Դամասկոս եւ Գահիրէ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Անգարայի ուղետոմսերը դէպի Դամասկոս եւ Գահիրէ

Կը թուի, որ Անգարա-Դամասկոս եւ Անգարա- Գահիրէ յարաբերութիւններու վերահաստատման գործընթացները զուգահեռ կ՛ընթանան:

Կը նախատեսուի, որ նախ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ հետախուզական ծառայութիւնները բանակցութիւններու համար թղթածրար պատրաստեն, ապա տեղի  ունենայ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարներու մակարդակով հանդիպում, որմէ ետք կրնայ տեղի ունենալ նախագահներու հանդիպումը: Թէեւ տակաւին Էրտողան-Ասատ հանդիպումի ժամանակացոյցին վերաբերեալ որոշում չէ գոյացած:

Աւելի արագացած է յայտնապէս Գահիրէի ուղղութիւնը: Նախագահները թէ՛ Գահիրէի եւ թէ՛ Անգարայի մէջ հանդիպած են արդէն: Ռազմավարական համագործակցութեան պայմանագիրը ստորագրուած է, եւ երկու պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ նոր շրջափուլ կը սկսի:

Կեդրոնանանք Էրտողան-Սիսի հանդիպումին վրայ: Արծարծուած է երկու հարց. Կազայի պատերազմը եւ Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւնները:

Կազայի առումով Գահիրէն կ՛իրականացնէ միջնորդական առաքելութիւն. հիմնական թթուածինի անցքը դէպի Կազա Գահիրէով պայմանաւորուած է: Մարդասիրական օժանդակութիւններու թէ միջնորդելու առումներով Գահիրէն կը համեմատի Տոհային հետ, որուն դեր տրուած է աշխուժօրէն միջնորդելու:

Համասը գաղափարականօրէն Անգարայի մօտ է: Այս հարթութեան վրայ տեսականօրէն հակասութիւն կայ Գահիրէի այսօրուան իշխանութիւններուն եւ Համասի ղեկավարութեան միջեւ: Չմոռնանք, որ Սիսիով առաջնորդուող քաղաքական խումբը անհաշտ պայքար յայտարարեց եւ մղեց Մուրսիի դէմ, որ իսլամական գաղափարախօսութեան հետեւորդ էր եւ իբրեւ այդպիսին Էրտողանի գաղափարակիցն ու գործակիցը:

Հիմա էջ դարձնելու պահն է: Էջ շրջելու քաղաքական շարժառիթները պէտք է որոնել քաղաքականօրէն ճիշդ ընկալելու համար այսօրուան շրջադարձի ծալքերը:

Եթէ Կազայի առանցքը առնենք իբրեւ հիմնական հրատապ օրակարգ, այդ պարագային հասարակաց հանգամանքները պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ յայտարարուած աջակցութիւններն են: Մեղադրանքներու պարագային Անգարան կը գերազանցէ բոլոր կողմերը` ցեղասպանութիւն որակելու իրադարձութիւնները եւ Իսրայէլի վարչապետը իբրեւ ցեղասպան դատելու պահանջով:

Երկու պետութիւններն ալ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունին Թել Աւիւի հետ, եւ մեղադրանքները պատճառ չեն հանդիսացած ոչ թէ չեղեալ յայտարարելու, այլ նոյնիսկ սառեցնելու այդ յարաբերութիւնները:

Եգիպտոսը գլխաւոր խաղցող կը նկատուի ափրիկեան ցամաքամասի արաբական հատուածին մէջ: Գահիրէն խորապէս անհանգստացած էր Անգարայի Ափրիկէ մուտքով: Որքան աշխուժանային Անգարայի գործողութիւններն ու քայլերը Ափրիկէի մէջ, այնքան կը սաստկանային Եգիպտոսի դիրքորոշումները Թուրքիոյ դէմ: Այդ ժամանակահատուածին եգիպտական լրատուադաշտը աննախադէպօրէն բարձրացուց հայամէտ հրապարակումներու առաստաղը, դատապարտեց Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայոց դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը: Մտաւորական եւ հասարակական հարթութենէն այս բոլորը անցան պետական մակարդակ, սակայն խորհրդարանի օրակարգի չվերածուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւի որեւէ նախագիծ: Հաւանաբար հեռանկարային կը մնար այսօրուան շրջադարձը:

Այս պարունակին մէջ պէտք է յիշել Եգիպտոսի նախագահին այցելութիւնը Երեւան եւ կապերու աշխուժացման նպատակով կատարուած յայտարարութիւնները:

Այս հանգամանքներէն զատ կայ նաեւ արաբական աշխարհին մէջ սիւննի զանգուածներուն վրայ ազդեցութիւն տարածելու մրցապայքարը Եգիպտոսի, Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ:

Երկու ուղղութիւններով նոր շրջափուլի հանգամանքներու վերլուծման փորձը կը նկատէ, որ երկրորդի պարագային` Դամասկոս-Անգարա յարաբերութիւններու հաստատման գործընթացին մէջ ակներեւ է Մոսկուայի միջնորդութիւնը: Մոսկուան ռազմավարական գործակցութիւններու մէջ է Անգարայի հետ, մինչ ուղղակի կը հովանաւորէ Դամասկոսը: Եւ եթէ Սուրիոյ պարագային բուն պայմանաւորուածութիւնը Անգարա-Մոսկուա յարաբերակցութեամբ է, ապա պէտք է մտածել,  որ Եգիպտոսի պարագային բանակցութիւնները ուղղակի երկկողմ են:

Բացարձակացնել եւ հաստատել, որ Կազայի պատերազմի առանցքն է, որ կը մերձեցնէ կողմերը, այնքան ալ քաղաքականօրէն ընկալելի պիտի չըլլայ: Այս մերձեցումը մետասաներորդ պահու չէր. կրնար որոշուիլ: Կ՛ապրէր հոլովոյթ եւ կ՛անցնէր վերիվայրումներէ, ի վերջոյ յանգելու համար նոր շրջափուլի մեկնարկին: Ճիշդ այնպէս,  ինչպէս կ՛ընթանայ թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու վերահաստատման գործընթացը:

Նոր աշխարհակարգին մէջ տարածաշրջանային գլխաւոր խաղցողները անվերջ կը դիրքաւորուին: Այս յարափոփոխութիւնները կը յուշեն, որ մերձեցում-ապամերձեցում-լարում շղթայական երթը պիտի շարունակուի: Եւ քանի որ աշխարհակարգի մասին կը խօսինք, առայժմ միայն արձանագրենք, որ թէ՛ Եգիպտոսը եւ թէ՛ Թուրքիան ՊՐԻՔՍ-ի անդամակցութեան դիմում ներկայացուցած են:

 

«Ա.»