image

Փութին շնորհաւորանք` Փաշինեանին, Խաչատուրեանին, Քոչարեանին եւ Սարգսեանին

Փութին շնորհաւորանք` Փաշինեանին, Խաչատուրեանին,  Քոչարեանին եւ Սարգսեանին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը գալիք Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ ջերմօրէն շնորհաւորած է  շարք մը պետութիւններու ղեկավարները։

Ըստ Քրեմլի կայքի՝ Փութինը շնորհաւորած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Սերժ Սարգսեանը:

Ռուսիոյ նախագահէն շնորհաւորանքներ ստացած են նաեւ Ատրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի, Ղրղզստանի, Տաճիկստանի, Թուրքմենստանի, Ուզպեքստանի, Թուրքիոյ եւ այլ պետութիւններու ղեկավարներ:

Փութինը ԵՄ երկիրներու ղեկավարներէն շնորհաւորած է միայն Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը, Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիցոյը եւ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը։