… Ու իր քրմական դէմքը, ու ճնշող հմայքը, որ կը ծորէր իր ալպադրոսի բիբերէն, ու իր վիթխարի Շունչը ուր գորով եւ սաստ լծորդ էին, ուր՝ առաքելական անդորրութեան մը տակ՝ կը վժար մրրկալի յորձանք մը, ու վեհափառ ըմբոստութիւնը, որ իր էութիւնն իսկ էր…։
Ու այս ամէնէն ոչինչ մնացած…։
Եւ ահա անկարծօրէն խզուած իր տիտանեան գոյութիւնը, եւ, որպէս թէ խարիսխ մը փլած ըլլար մեր կռուանէն, անասելի, համասփիւռ ցնցում մը… Ապշահար, անդոհագին փսփսուքներ, ընտանի վերյիշումներ եւ աղիտաւոր կանխատեսութիւններ…։
Պա՛հ մը, Հայրիկ, գէթ պա՜հ մը բանայիր քու բարի՛, արի՜ աչքերդ, որ արիւնախանձ վեհապետներու քոմային քունը վրդովելու գաղտնիքն ունէին, ու տեսնէիր տագնապագին իրարանցումը, որ քու անազդարար բաժանումդ սփռեց չորսդին, տեսնէի՜ր պերճիմաստ շուարումը, որ ահա սառեցուցեր է բոլոր դէմքերը…։
Բայց դուն չես խօսիր, թա՛նկ Հայրիկ, որովհետեւ նորէն արիւնոտ բառեր պիտի բզքտեն թոքերդ, - քու կտրիճ թոքերդ, որ ա՛լ չեն ուռիր, աւա՜ղ, - որովհետեւ, նորէն ցաւոտ, կսկծագին սրտիդ անդոհանքն է, որ պիտի շարմաղես։
Այլ պա՛հ մը, գէթ պա՛հ մը բանայի՜ր քու հրահոսան շուրթներդ, եւ քու գերագոյն կտակդ կարդայիր մեզի, մեզ ամէնուս, քու ըմբոստ պատգամդ որոտայիր ա՛յնպէս բարձր, ա՛յնպէս ուժգին, որ ամէնքն ալ լսէին, ու ամէնքն ալ սարսուռ զգային՝ որպէս թէ շարժէ մը ցնցուած ըլլային.
«Ո՜հ, մինչեւ ե՞րբ անսամ քեզ, որ ինքնազոհ մեռնիլ սորվիս. աշխարհ սորվեցաւ այդ դասը, իր մրցանակն առաւ, դու դեռ անուս մանուկ մնացիր…»
Խօսէ՛, Հայրի՛կ, ու թող քու բոլոր ձայնիդ որոտը թափանցէ բոլոր երդիքներէն ներս, թող դղրդացնէ ամրակուռ դուռները մեծատուներուն ինչպէս խարխուլ հիւղակը հարստահարուած մարդուն։
Որոտա՛, բարի Հայրիկ, գէթ վերջին անգամ մըն ալ, ու ա՛յն կորիւն-մոլուցքով զոր սովոր էիր հեղուլ, երբ բազմաչարչար ժողովուրդի մը արիւնահոս սրտէն բխած վիթխարի Ամբաստանագիրը կը կարդայիր Օգոստափառ Սրիկաներու առջեւ, մակաբոյծ վարչապետներու գլխին, Իրաւունքին դագաղակիրներուն եւ Արդարութեան փոսահատներուն ականջին։
Մենք քու ձայնի՜դ ենք կարօտ, անվա՛խ Հայրիկ, քու աննենգ, քու ըմբոստ ձայնիդ, որուն շեշտը, օ՜հ, սարսո՜ւռ կ’ազդէր անոնց, որ վարժուած են կոխոտուած իրաւունքներու վրայ հաստատել իրենց Գայիսոնը, եւ իրենց նմաններուն դիակներէն բուրգեր բարձրացնել՝ իրենց փառքը երգել տալու համար։
«Ո՜հ, մինչեւ ե՞րբ անսամ քեզ, որ ինքնազոհ մեռնիլ սորվիս. աշխարհ սորվեցաւ այդ դասը, իր մրցանակը առաւ, դու դեռ անուս մանուկ մնացիր…»
Քանի դեռ ողջ էիր, այդ ձայնը անընդհատ կը հնչէր մեր ականջներուն։ Անընդհատ կը զգայինք անոր հզօր թափը, անոր տարերային ուժը որ ցունց կուտար բոլոր ջլատ գիտակցութիւններուն, բոլոր քնախտաւոր գոյութիւններուն։
Բայց հիմա, որ դուն յարմար դատեցիր լքել մեզ, լքել ու հեռանալ անդարձ, իբրեւ թէ քէն մը ունենայիր մեզի հետ, ո՞վ պիտի փոխանորդէ քեզ, պաշտելի՛ Հայրիկ, ո՞վ պիտի հնչեցնէ Ահազանգը՝ որուն գործածութիւնը դուն ա՜յնչափ լաւ գիտէիր, ու ա՜յնչափ խոր…։
Քանի դեռ ողջ էիր, վախ չկար, որ մոռնայինք զարհուրելի դասը, զոր կը կրկնէիր քու ամէն մէկ քայլիդ, լերան կատարէն ինչպէս վանքի ամպիոնէն, դաշտերու արձակութեան մէջ կամ դահլիճներու խուլ պատերուն ետեւ։ Բայց հիմա որ ա՛լ բաժնուած ես, ու չեմ գիտեր ի՛նչքան իրական ոլորտներու մէջ կ’օրրես քու անզուսպ հոգիդ, չե՞ս վախնար, որ մոռնան Մեծ Դասը, քու Լերան Քարոզդ, զոր ա՛յնչափ կանուխ խօսեցար եւ որուն սակայն այնչափ ուշ ունկնդրեցին։
Ո՜րչափ պէտք ունէինք ատոր դեռ մեր խանձարուրքէն, ո՜րչափ ստիպողական էր այն, երբ տակաւին թշնամին կանոնաւոր ձեւ մը չէր տուած իր վայրենի պայքարին, երբ միայն շղթայազերծ կիրքն էր, որ կը գործէր, երբ տակաւին հալածանքի խարշափը զերծ էր դիւանագիտութեան եւ կանխամտած մեթոտներուն ժահրէն։
«Ո՜հ, մինչեւ ե՞րբ անսամ քեզ, որ ինքնազոհ մեռնիլ սորվիս, աշխարհ սորվեցաւ այդ դասը, իր մրցանակն առաւ. դու դեռ անուս մանուկ մնացիր…»
Գոռա՛, Հայրի՛կ, դեռ մինչեւ ե՞րբ մեր երակները պիտի շարունակեն հոսել այն վատոյժ, գունատ արիւնը, որ մեր զաղփաղփուն գոյութիւնը կը յատկանշէ, պիտի ըսէիր։
Դեռ մինչեւ ե՞րբ մեր վրայ պիտի մնայ համր, համբերող ստրուկի անարգ պարեգօտը, որ ահա դարերէ ի վրե կը սեղմէ մեր ազատ կուրծքը, կը խափանէ մեր արձակ շնչառութիւնը։
Դեռ մինչեւ ե՞րբ հոմանիշ բառեր պիտի ըլլան Հայ եւ հպատակ, Հայ եւ վատոգի, Հայ եւ խանութպան։
Հե՛ղ մըն ալ, արի Հայրիկ, հե՛ղ մըն ալ որոտայիր, քու Սիմէոնեան պատկառանքովդ.
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ