«Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը կը ծառայէ տարածաշրջանի զարգացման։
Այս մասին, ինչպէս յայտարարած են ատրպէյճանական լրատուականները, յայտարարած է Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Մուրաթ Էմիրը՝ նշելով, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի ներուժը կը գնահատուի մինչեւ 1 թրիլիոն տոլար։
«Այս նախագիծը ոչ միայն խթան կը հանդիսանայ տնտեսական համագործակցութեան համար, այլեւ կ՚ամրապնդէ քաղաքական եւ մշակութային կապերը տարածաշրջանին մէջ», -ըսած է թուրք պատգամաւորը։