Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնին շնորհաւորած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի մէջ ընտրութիւններուն տարած յաղթանակի առիթով:
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։
«Անհամբեր կը սպասեմ մեր երկիրներու միջեւ գործընկերութիւնը խորացնելու եւ մեր երկու ժողովուրդներու համար բարգաւաճում ստեղծելու ուղղութեամբ համատեղ աշխատանքը շարունակելուն»,- նշած է Գանատայի վարչապետը: