Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ։
Իշխան Զաքարեանը ներկայացուցած է 2028 թուականի Համահայկական խաղերուն ընդառաջ կատարուած աշխատանքները։
Հանդիպման ընթացքին նախագահը ներկայացուցած է Հայաստանի ներքին եւ արտաքին զարգացումները, ինչպէս նաեւ պատասխանած ներկաներուն հետաքրքրող հարցերուն։