image
Հրատապ լուրեր:

Հայրութեան օրհնութիւնը՝ Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ

Հայրութեան օրհնութիւնը՝ Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ

Հայրերու Օրուան առիթով Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակը վերածուեցաւ ընտանեկան ջերմութեան, աղօթքի, երախտագիտութեան եւ ուրախութեան վայրի։ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած այս գեղեցիկ երեկոն անգամ մը եւս ընդգծեց հօր առաքելութիւնը՝ իբրեւ ընտանիքի սիւն, հաւատքի օրինակ, սիրոյ աղբիւր եւ զաւակներուն կեանքին մէջ առաջնորդող ներկայութիւն։

Ստորեւ այդ հոգեշահ եւ գեղեցիկ օրուան մասին  Հալէպի Հայ Աւետ. Բեթէլ Եկեղեցւոյ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հովանաւորութեամբ եւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ Զոյգերու Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, կիրակի, 5 Յուլիս 2026-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայրերու օրուան նուիրուած հանդիսաւոր երեկոյ մը։

Երեկոյի հանդիսավարն էր Տիկ. Մարինա Ֆսթքճեան, որ իր ջերմ եւ գեղեցիկ բացման խօսքով ողջունեց ներկաները ու առաջնորդեց ամբողջ յայտագիրը։ Ան ապա հրաւիրեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանը՝ Հայրերու օրուան առիթով իր պատգամը փոխանցելու։

Իր պատգամին մէջ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան նախ շնորհաւորեց բոլոր հայրերը՝ գնահատելով անոնց անձնուէր ծառայութիւնը ընտանիքին, եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան մէջ։ Ան ապա անդրադարձաւ «Հայր» հասկացութեան աստուածաբանական խոր իմաստին՝ յիշեցնելով, թէ բոլոր հայրերուն գերագոյն օրինակը մեր Երկնաւոր Հայրն է։ Շեշտելով, որ երկրային հայրերը կոչուած են իրենց ընտանիքներուն մէջ արտացոլացնելու Աստուծոյ հայրական սէրը, արդարութիւնը, ողորմածութիւնն ու հաւատարմութիւնը, ան ընդգծեց, որ անոնք իրենց խօսքով, դատողութիւններով, որոշումներով, վարքով եւ առօրեայ կենցաղով կոչուած են մարմնաւորելու Աստուծոյ պատկերը՝ իրենց զաւակները առաջնորդելով ոչ միայն խօսքով, այլեւ անձնական օրինակով։

Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն ընթացքին եկեղեցւոյ երիտասարդները կատարեցին հայրերուն նուիրուած երգեր՝ արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին։

Ապա ներկաները միասնաբար հատեցին տօնական կարկանդակը, որմէ ետք երեկոն շարունակուեցաւ Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի աղօթքով եւ եղբայրական ընթրիքով։

Երեկոյի յատուկ եւ յուզիչ պահերէն մէկը եղաւ, երբ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի ընտանիքը իրեն համար գեղեցիկ անակնկալ մը պատրաստած էր։ Տեսանիւթի միջոցով ներկայացուեցաւ Արմանի Հերա Սելիմեանի կատարմամբ հայրերուն նուիրուած երգ մը, որ ջերմ ու յուզիչ մթնոլորտ ստեղծեց եւ արժանացաւ ներկաներու երկարատեւ ծափողջոյններուն։ Երգին խօսքերը Կորիւն Արաքելեանինն էին, երաժշտութիւնը՝ Մարտին Ահարոնեանինը, իսկ մշակումն ու նուագակցութիւնը՝ Շողակաթ Աբարդեան Սելիմեանինը։

Գեղարուեստական մթնոլորտը ամբողջացաւ Տիար Ռոպեր Խաչատուրեանի գեղեցիկ երգեհոնային կատարումներով, որոնք յատուկ շուք եւ հանդիսաւորութիւն հաղորդեցին երեկոյին։ Այնուհետեւ տեղի ունեցան վիճակահանութիւն եւ ժամանցային խաղեր, որոնք ուրախ եւ մտերմիկ մթնոլորտ ստեղծեցին բոլոր ներկայներուն համար։

Երեկոյի աւարտին Զոյգերու Յանձնախումբի անդամները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին՝ բարձր գնահատելով անոր հայրական հոգածութիւնը, մշտական աջակցութիւնն ու իմաստուն առաջնորդութիւնը, եւ երախտագիտութեան յուշանուէր մը յանձնեցին անոր։

Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի շնորհակալական խօսքով, աղօթքով եւ առաքելական օրհնութեամբ։