image

Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւններ՝ ՊՆ-ի մէջ

Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւններ՝ ՊՆ-ի մէջ

Սեպտեմբեր 18-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած են Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւններ։ Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Խորհրդակցութիւններուն մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներ, ԱՄՆ-ի Քանզաս նահանգի Ազգային կազդի հրամանատար, զօրավար-մայոր Փօլ Շնայտըր, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի Պատերազմի նախարարութեան տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ կողմերը ամփոփած են վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան շրջածիրէն ներս իրականացուած ծրագիրները եւ ուսումնասիրած են համագործակցութեան տարբեր ուղղութիւններով փոխգործակցութեան զարգացման ներուժը։

ԱՄՆ-ի Պատերազմի նախարարի փոխտեղակալ Էնտրիւ Լումիս նշած է, որ ԱՄՆ պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի մէջ իրականացուող պաշտպանական բարեփոխումներուն՝ բանակի կերպափոխման գործընթացներուն մէջ խորհրդատուական, փորձի փոխանակման եւ այլ ուղղութիւններով աջակցութեան ծրագիրներու ամբողջ ներուժը ներդնելով։

 

Խորհրդակցութիւններու աւարտին կողմերը ստորագրած են կատարուած աշխատանքներուն եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն վերաբերող արձանագրութիւն։