image

Սէուտական Արաբիան եւ Սուրիան կը բանակցին հիւպատոսական ծառայութիւնները վերականգնելու հարցով

Սէուտական Արաբիան եւ Սուրիան կը բանակցին հիւպատոսական ծառայութիւնները վերականգնելու հարցով

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ բանակցութիւններ կ'ընթանան Սուրիոյ հետ՝ երկու երկրի միջեւ հիւպատոսական ծառայութիւնները վերականգնելու համար:

Սէուտական Արաբիոյ պետական al-Ekhbariya հեռուստաալիքը մէջբերած է Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեայի խօսքը. «Երկու ժողովուրդներու միջեւ անհրաժեշտ հիւպատոսական ծառայութիւններու տրամադրումը դիւրացնելու ուղղութեամբ Թագաւորութեան քայլերու շրջածիրէն ներս քննարկումներ կ'ընթանան սուրիացի պաշտօնեաներու հետ՝ հիւպատոսական ծառայութիւնները վերսկսելու համար»:

Reuters-ը, վկայակոչելով երեք աղբիւրներ, յայտնած է, թէ Սուրիան եւ Սէուտական Արաբիան պայմանաւորուած են վերաբանալ իրենց դեսպանատուները՝ աւելի քան մէկ տասնամեակ առաջ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելէ ետք, որ մեծ առաջընթաց պիտի ըլլայ պաշտօնական Դամասկոսի համար՝ արաբական աշխարհ վերադառնալու առումով: