Հայաստանի Պարի պետական անսամպլը, հիմնադրութեան 65ամեակի առիթով իրականացուող համերգային շրջապտոյտի ծիրէն ներս, Պուլկարիոյ ելոյթներէն ետք, օրերս, կարճատեւ այցելութիւն մը ունեցած է Պոլիս, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացած պոլսահայ մշակութային շրջանակներուն կողմէ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Հայաստանի Պարի պետական անսամպլը, որ իր հիմնադրութեան 65ամեակին առիթով համերգային շրջապտոյտներ կ'իրականացնէ, Պուլկարիոյ մէջ ունեցած ելոյթներէն ետք, երէկ կարճատեւ այցելութիւն մը ունեցաւ Իսթանպուլ։
Անսամպլի անդամները Պուլկարիայէն օթօպիւսով Թուրքիա անցան եւ հասան Իսթանպուլ, ուրկէ նոյն օրը օդային ճամբով պիտի շարունակէին իրենց ուղեւորութիւնը դէպի Երեւան։ Մինչեւ թռիչքը շուրջ հինգ-վեց ժամ ժամանակ ունենալով, անոնք հիւրընկալուեցան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի եւ «Մարալ» երգ ու պարի համոյթի պատասխանատուներուն կողմէ։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Նարեկեան» սրահին մէջ։ «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան դիմաւորեց Հայաստանի Ժողովրդական երաժշտութեան եւ Պարի ազգային կեդրոնի տնօրէն Արմէն Սարգսեանը եւ Պարի պետական անսամպլի արուեստագէտները։
Հանդիպումը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր նաեւ այն պատճառով, որ «Մարալ» եւ Հայաստանի Պարի պետական անսամպլը անցեալին բազմիցս նոյն բեմը բաժնած եւ համատեղ ելոյթներով ներկայացած էին հանդիսատեսին։ Տարիներ վերջ Իսթանպուլի մէջ անոնց այս հանդիպումը առիթ դարձաւ վերանորոգելու արուեստի երկու հաստատութիւններուն միջեւ առկայ բարեկամական եւ մշակութային կապերը։
Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ ապագային նոր համագործակցութիւններու կարելիութեան, մասնաւորաբար՝ երիտասարդ սերունդի պարողներն ու արուեստագէտները համախմբող նախաձեռնութիւններու շուրջ։
Հայաստանի Պարի պետական անսամպլի անդամները կարճատեւ, բայց ջերմ հիւրընկալութենէն ետք հրաժեշտ առին իրենց պոլսահայ գործընկերներէն եւ վերադարձան Երեւան։