Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքի կողմէ հուսիներու դէմ կատարուած օդային հարուածներու հետեւանքով Թաիզի նահանգի Զուպապ եւ Մաքպանա շրջաններուն մէջ երեք մարդ զոհուած է, որոնցմէ երկուքը՝ երեխայ։ Այս մասին կը հաղորդէ հուսիներուն պատկանող «Ալ Մասիրահ» հեռատեսիլի կայանը։
Առողջապահութեան նախարարութեան խօսնակը յայտնած է, որ եւս երկու մարդ վիրաւորուած է։
Հուսիները յայտնած են, որ Սէուտական Արաբիոյ ռազմաօդային ուժերը հարուածած են նաեւ Հոտէյտայի նահանգի Խատիր շրջանին մէջ գտնուող համալիր մը։ Կան զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնց թիւը տակաւին չէ հրապարակուած։
Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած դաշինքը իր կարգին յայտնած է, որ 13 խաղաղ բնակիչ վիրաւորուած է՝ Սէուտական Արաբիոյ ուղղութեամբ հուսիներու կողմէ իրականացուած պալիսթիք հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներուն հետեւանքով։
Սէուտական Արաբիոյ հետ դաշնակից Եմէնի միջազգայնօրէն ճանչցուած կառավարութիւնը հուսիները մեղադրած է խաղաղ բնակիչներ սպաննելու եւ բռնի տեղահանութիւն իրագործելու մէջ։
«Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ յեղաշրջման վերջ դնելու, եւ Հոտէյտայի նահանգին ու ամբողջ երկրին մէջ պետական իշխանութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ», յայտարարած է Եմէնի վարչապետ Շայա Մոհսէն ալ-Զինտանին։
Հուսիներու ռազմագերիներու կոմիտէի ղեկավար Ապտ ալ-Քատէր Մուրթատան յայտնած է, որ Եմէնի հարաւ-արեւելքին մէջ կառավարական ուժերուն հետ բախումներու ընթացքին շարժումը գերի բռնած է շուրջ 800 մարդ։
«Կարմիր ծովու արեւմտեան ափին ռազմական գործողութեան ընթացքին «Անսար Ալլահ»-ի ուժերը գերի բռնած են 800 մարդ», ըսած է Մուրթատան։
Անդրադառնալով Եմէնի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած տարածաշրջանային նախաձեռնութիւններուն՝ ան նշած է, որ «արաբական երկիրներու կողմէ յարձակումը դադրեցնելու եւ Եմէնի շրջափակումը վերացնելու ուղղուած որեւէ ջանք ընդունելի եւ ողջունելի է»։
Սեպտեմբեր 3-էն ի վեր հուսիները լայնածաւալ յարձակում սկսած են եւ գրաւած Կարմիր ծովու ափամերձ քանի մը շրջաններ, որոնք կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ կը գտնուէին։ Շարժումը գրաւած է նաեւ Պապ ալ-Մանտէպի նեղուցին մէջ գտնուող ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Փերիմ կղզին։
Եմէնի կառավարութեան համաձայն՝ վերջին շաբաթներու մարտերու ընթացքին զոհուած է աւելի քան 500 զինուոր։ Երկրին մէջ տեղահանուածներու թիւը հասած է 85,000-ի։