image

Ձերբակալուած է Յովիկ Աբրահամեանի եղբայրը

Ձերբակալուած է Յովիկ Աբրահամեանի եղբայրը

Հայաստանի նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի եղբայր Հենրիկ Աբրահամեանը ձերբակալուած է Հակափտածութեան կոմիտէէն ներս կատարուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս։

Այս մասին յայտնած են ՀՀ հակափտածութեան կոմիտէէն։

«Պաշտօնատար անձի կողմից պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու, այդ արարքին օժանդակելու, պաշտօնէական կեղծիք կատարելու եւ կեղծ փաստաթուղթ օգտագործելու դէպքերի առթիւ ՀՀ հակակոռուպցիոն կոմիտէում իրականացուող քրէական վարոյթի շրջանակում ձերբակալուել է ՀՀ նախկին վարչապետ Հ. Ա.-ի եղբայրը»,- յայտնած են կոմիտէէն։

Օգոստոսին կալանաւորուած է Յովիկ Աբրահամեանի որդին՝ Արգամ Աբրահամեանը։ Անոր դէմ մեղադրանք առաջադրուած է սպանութիւն պատուիրելու համար։

Նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի դէմ եւս մեղադրանք առաջադրուած է շարք մը արարքներու համար, ներառեալ՝ պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահում, ձեռնարկատիրական գործունէութեան ապօրինի մասնակցութիւն եւ դրամներու լուացում։

Քրէական վարոյթի նախաքննութիւնն աւարտած է։ Գործը ուղարկուած է դատախազին՝ մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատելու եւ դատարան ներկայացնելու միջնորդութեամբ։ Մեղադրեալին եւ անոր հետ փոխկապակցուած անձերու գոյքին վրայ արգելանք դրուած է։