Սէուտական Արաբիան Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Էնտի Պըրնհեմէն ռազմական եւ դիւանագիտական օգնութիւն խնդրած է՝ եմէնեան «Անսար Ալլահ» հուսիներու ապստամբական շարժումը զսպելու եւ նաւթային ենթակառոյցները յարձակումներէ պաշտպանելու համար։ Այդ մասին, վկայակոչելով աղբիւրները, յայտնած է Bloomberg գործակալութիւնը։
Անոր տեղեկութիւններով՝ Լոնտոն պատրաստակամութիւն յայտնած է օգնելու Ռիատին՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանելու հարցով, եւ արդէն ռազմական խորհրդականներ ուղարկած է արաբական թագաւորութիւն։
Ինչպէս նշած է գործակալութիւնը, բրիտանացի պաշտօնեաները Պըրնհեմը զգուշացուցած են, որ հուսիներու կողմէ Պապ ալ-Մանտէպի նեղուցին հնարաւոր գրաւումը կրնայ «աղէտալի ազդեցութիւն» ունենալ միջազգային նաւագնացութեան եւ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ։
Աւելի վաղ Financial Times թերթը յայտնած էր, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմատ պըն Սալման ալ-Սաուտ դիմած էր Միացեալ Նահանգերու նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ հուսիները զսպելու նպատակով օդային ծածկոյթ տրամադրելու խնդրանքով, սակայն Ուաշինկթըն մերժած էր Ռիատի խնդրանքը՝ պատճառաբանելով, որ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Իրանի վրայ։
Եմէնի մէջ իրավիճակը կտրուկ սրած էր սեպտեմբերի սկիզբը, երբ ապստամբական շարժումը յարձակում սկսած էր երկրի հարաւ-արեւմուտքին մէջ։ Ցամաքային առաջխաղացման զուգահեռ՝ հուսիները սկսած էին հարուածներ հասցնել Կարմիր ծովու ափամերձ շրջաններուն եւ Թաիզ քաղաքի շրջակայքին՝ նպատակ ունենալով կտրել դէպի Մոխա նաւահանգիստ տանող ճանապարհները եւ առաջ շարժիլ դէպի Պապ ալ-Մանտէպի նեղուցին մօտ գտնուող ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող շրջանները։