image

Սեւանայ լիճի մակերեսը քիչ տոկոսով բարձրացած է

Սեւանայ լիճի մակերեսը քիչ տոկոսով բարձրացած է

Սեւանայ լիճի մակարդակը ապրիլ 17-26-ը ինկած ժամանակահատուածին բարձրացած է 2 սանթիմեթրով։

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան «Հիդրոօդերեւութաբանութեան եւ մոնիթորինգի կեդրոն»-էն, 2023 թուականի ապրիլ 26-ի դրութեամբ Սեւանայ լիճի մակարդակը ծովի մակերեւոյթէն գտնուած է 1900 մեթր 37 սանթիմեթր բարձրութեան վրայ, որ, սակայն, անցեալ տարուան նոյն օրուան մակարդակէն ցած կը մնայ 12 սանթիմեթրով:

2023 թուական յունուար 1-էն մինչ ապրիլ 26-ը ինկած ժամանակահատուածին Արփա-Սեւան փապուղային ջրատարով Սեւանայ լիճ տեղափոխուած է 25 միլիոն 967 հազար խորանարդ մեթր ջուր: