image

Սեւանայ լիճ. Խեղդամահ եղած է 62-ամեայ քաղաքացի մը

Սեւանայ լիճ. Խեղդամահ եղած է  62-ամեայ քաղաքացի մը

Սեւանայ լիճին մէջ քաղաքացի մը ջրահեղձ եղած է: Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԻՆ-էն:

4 Սեպտեմբերին, ժամը 18:53-ին Գեղարքունիքի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Ծովազարդ գիւղին յարակից «Ոսկէ ափ» լողափին մէջ քաղաքացին լողալով հեռացած է ափէն եւ չէ երեւցած, անհրաժեշտ է ջրափրկարարներու օգնութիւնը:

Դէպքի վայր մեկնած է  N1 հանրային լողափին մէջ հերթապահութիւն իրականացնող յատուկ ջրափրկարարական ջոկատը։

Ջրափրկարարներն ափէն մօտ 40 մեթր հեռաւորութեան վրայ յայտնաբերած եւ դուրս բերած են քաղաքացի Ա․ Խ․-ի (1959 թ․ ծնած) դին, այնուհետեւ մօտեցուցած են շտապօգնութեան մեքենային։