image

Չինաստանը ողջունած է ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու բարելաւումը

Չինաստանը ողջունած է ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու բարելաւումը

Չինաստանի իշխանութիւնները կողմ են ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու բարելաւման։ Այս մասին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մաո Նինը։

«Չինաստանը կ՚ողջունէ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կապի պահպանումը, անոնց միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումը», - ընդգծած է ան ճեպազրոյցի ժամանակ։

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն օգոստոս 15-ին մեկնած է Ալասքա, ուր հանդիպած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին՝ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորումէն զատ քննարկելով ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները: