image

Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութիւնը «Հայրենիք» մէնքը վերանուանեց «Խաչիկեան ընտանիք»ի անունով

Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութիւնը «Հայրենիք» մէնքը վերանուանեց «Խաչիկեան ընտանիք»ի անունով

Ամերիկայի Հայ մշակութային միութիւնը (ACAA) hպարտօրէն կը տեղեկացնէ, թէ «Հայրենիք» (80 Bigelow Ave) շէնքը պիտի վերանուանուի եւ կրէ «Խաչիկեան Ընտանիքի Հայրենիք Շէնք» անունը՝ ի յիշատակ Տայանա եւ Քէն Խաչիկեաններու առատաձեռն նուիրատուութեան։ Այս քայլը կը խորհրդանշէ ազգասէր Խաչիկեան ընտանիքին յարատեւ նուիրումը եւ ծառայութիւնը՝ գաղութին։

«Հայրենիք» շէնքը կեդրոն մըն է, ուր կը գործեն Ամերիկայի Հայ մշակութային միութիւնը (ACAA), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, ՀՄԸՄի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը։

Շէնքին մէջ կը գտնուին նաեւ «Հայրենիք» եւ «The Armenian Weekly» թերթերու խմբագրութիւնները, «Անդրանիկ եւ Ալիս Քարճեան – Հայրենիք Մետիա» կեդրոնը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ արխիւները, որոնք կը պահպանեն առաւել քան դարաշրջանի մը ազգային, քաղաքական եւ մշակութային պատմութիւնը։

Առաքել եւ Արմենուհի Խաչիկեաններ

Տայանա եւ Քէն Խաչիկեաններու խօսքերը կը շեշտեն «Հայրենիք» շէնքին իսկական նշանակութիւնը, որ երկար տարիներու ընթացքին վերածուած է հայկական ինքնութեան եւ տոկունութեան խորհրդանիշի։ Ըստ անոնց՝ այս շէնքը կը ներկայացնէ այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը կազմաւորեն մեր երիտասարդութիւնը, կը պահպանեն մեր մշակոյթը, կը պաշտպանեն մեր իրաւունքները, կը տեղեկացնեն մեր ժողովուրդը եւ այսօր կը հնչեցնեն մեր ձայները՝ շնորհիւ «Անդրանիկ եւ Ալիս Քարճեան – Հայրենիք Մետիա» կեդրոնին։

Տայանա եւ Քէն Խաչիկեաններուն համար պատիւ է գործակցիլ ՀՅԴին, ՀԵԴին, ՀՕՄին, Ամերիկայի Հայ մշակութային միութեան, «Հայրենիք» թերթերուն եւ մետիա կեդրոնին հետ։ Անոնք համոզուած են, որ իրենց նուիրատուութիւնը պիտի նպաստէ այս շէնքին մէջ տարուող կենսական աշխատանքներու շարունակութեան։

«Պատիւ է ցոյց տալ երախտագիտութիւնս ընտանիքիս եւ հարազատներուս, որոնք մանկութեանս առաջին օրերէն զիս սորվեցուցին հայկական արժէքները։ «Հայրենիք» շէնքը սիրտն է հայ համայնքին։ Այս նուիրատուութեամբ պիտի յարգենք մեր նախահայրերը եւ յառաջդիմութիւն խոստանանք ապագայ սերունդներուն», յայտնեց Տայանա Խաչիկեան։

«Ինծի համար այս նուիրատուութիւնը անձնական մեծ իմաստ ունի։ ՀՅԴն եւ ՀԵԴն ձեւաւորած են ամբողջ էութիւնս, սկսելով Պոսթընի «Սիամանթօ» մասնաճիւղի պատանեկութեան տարիներէն մինչեւ տասնամեակներու ազգօգուտ աշխատանքս։ Այս շէնքը կը ներկայացնէ մեր համայնքի զարկերակը։ Աջակցիլ անոր առաքելութեան՝ մեր ընտանիքին համար երախտիքի լուրջ արտայայտութիւն մըն է այն կազմակերպութիւններուն, որոնք մեզի այնքան բան փոխանցած են», իր կարգին ըսաւ Քէն Խաչիկեան։

Առաւել քան դարաշրջան մըն է Խաչիկեան ընտանիքին պատմութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներ՝ Առաքել եւ Արմենուհի Խաչիկեանները ժամանած են Պոսթըն 1920ականներու սկիզբը եւ կրցած են շաղուիլ գաղութին հետ։

Առաքելը առաւել քան յիսուն տարիներ եղած է ՀՅԴի անդամ, իսկ Արմենուհին՝ երկար տարիներ ՀՕՄի անդամ։ Անոնց զաւակները՝ Վազգէնը եւ Արփին, եղած են ՀԵԴի հարաւային Պոսթընի մասնաճիւղի գործօն անդամներ։ Առաքելը կարեւոր դեր ունեցած է նաեւ հիմնադրութեան մէջ Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, ուր Վազգէնը եղած է Եկեղեցական խորհուրդի անդամ եւ իր ներդրումը ունեցած՝ Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնի (ACEC) հի,նադրութեան մէջ։

Վազգէնը եւ անոր կողակիցը՝ Անահիտը, բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Տայանա, Քէն եւ Սթիւ, որոնք բոլորը եղած են ՀԵԴի գործօն անդամներ եւ շարունակած են ազգային կեանքին նուիրուած տիպար հայ ընտանիքի աւանդութիւնը։

Տայանա եւ Քէն Խաչիկեանները, որոնց առատաձեռն նուիրատուութիւնը կարելի դարձուց այս շէնքին վերանուանումը, ունեցած են բեղուն գործունէութիւն։ Տայանան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին եղած է Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ համայնքի անդամ եւ կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ 45 տարիներ ծառայած է Իլինոյի «Aptakisic Tripp» դպրոցին մէջ, ուր իր անունով մրցանակ մը կայ։ 2024ին, ան հրաժեշտ տուաւ կրթական ասպարէզէն՝ հանդիսանալով ամէնէն երկար ծառայած ուսուցիչը՝ այդ կրթօճախին մէջ։ Նոյն տարին, Ուաշինկթընի մէջ, իր պաշտօնավարած դպրոցը ստացաւ «National Blue Ribbon School» տիտղոսը։

Քէն Խաչիկեան միշտ գործած է Հայ Դատին համար։ Ան եղած է ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, սոյն հիմնարկի հիմնադիր նախագահ, 58 տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէ ՀՅԴ շարքերուն, որուն բազմիցս ծառայած է նաեւ իբրեւ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ։ 2001էն 2016, Քէնը նախագահած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ այդ ժամանակաշրջանին վերակառուցած է անոր նիւթական հիմքերը։ Ներկայիս ան նախագահն է Արդարութեան եւ Մարդու իրաւունքներու հայ իրաւական կեդրոնին։

Վազգէն եւ Անահիտ Խաչիկեաններ

Սթիւ Խաչիկեան երկար տարիներ ծառայած է ՀԵԴի «Քեմփ Հայաստան»ին, ուր իր գործօն մասնակցութեամբ զգալիօրէն բարելաւուած են ճամբարին պայմանները։

«Խաչիկեան ընտանիքի առատաձեռնութիւնը եւ մասնաւորաբար Տիանայի եւ Քէնի խոր նուիրումը, մարմնաւորում մըն է մեր առաքելութեան։ Անոնց կեանքին ամբողջ ընթացքին ցուցաբերած նուիրուածութիւնը կ՛երաշխաւորէ, որ «Հայրենիք» շէնքին մէջ գործող հաստատութիւնները մնան հզօր, կենսունակ եւ խորապէս կապուած՝ իրենց ազգանուէր նպատակներուն», եզրակացնելով՝ ըսաւ Ամերիկայի Հայ մշակութային միութեան նախագահ Անի Չաղլասեան ։

Այսուհետեւ, «Խաչիկեան Ընտանիքի Հայրենիք Շէնքը» պիտի ըլլայ ոչ միայն Սփիւռքի գործօն կազմակերպութիւններու կեդրոնը, այլ նաեւ յարգանքի տուրք մը՝ այս ընտանիքին։