Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի գլխաւորութեամբ կամաւորներու դաշինքը հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ մարտական գործողութիւններու դադրեցումէն ետք Ուքրանիա զսպող ուժեր ուղարկելու վերաբերեալ, կը հաղորդէ kommersant.ru-ն։
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակուած է Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան կայքին մէջ՝ օգոստոս 17-ին եւրոպական երկիրներու ղեկավարներու եւ Ուքրանիոյ նախագահի միջեւ կայացած առցանց հանդիպումէն ետք։
«Մենք կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումէն ետք անվտանգութեան ուժեր տեղակայելու, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ օդային եւ ծովային տարածքի անվտանգութիւնը ապահովելու եւ զինուած ուժերու վերականգնման գործին օժանդակելու հարցով»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Օգոստոս 14-ին բրիտանական զինուորական ղեկավարութիւնը մերժած էր ուքրանական նաւահանգիստներն ու քաղաքները պաշտպանելու համար 30.000 հոգինոց զօրախումբ տեղակայելու գաղափարը։ Անոր փոխարէն յայտարարուած է «աջակցող ուժեր» տեղակայելու ծրագիրներու մասին։
Նոր ծրագիրը կը ներառէ Արեւմտեան Ուքրանիոյ օդային անվտանգութիւնը, ուքրանացի զինուորականներու վարժեցման աջակցութիւնը եւ Սեւ ծովու ականազերծումը։
Բրիտանական աջակցութեան ուժերը, որոնք բաղկացած են մատակարարման, զէնքի եւ վերապատրաստման մասնագէտներէ, «պիտի չներգրաւուին առաջնագիծի վրայ զօրքերու մատակարարման գործին»։ Անոնց դերը պիտի ըլլայ օգնել «ուքրանական ցամաքային ուժերու վերականգնման եւ վերակազմակերպման»։
Սթարմըր նաեւ ըսած է, որ Մեծն Բրիտանիան պատրաստ է «մեծցնելու ճնշումը Ռուսիոյ վրայ, մասնաւորաբար տնտեսութեան վրայ՝ անհրաժեշտութեան պարագային կիրառելով պատժամիջոցներ եւ աւելի լայն միջոցառումներ»։