Վրաստանի մէջ կը շարունակուի պայքարը ապօրինի գաղթականներու դէմ: Երկրի Ներքին գործոց նախարարութեան տեղեկութեամբ՝ վերջին օրերուն երկրէն արտաքսուած է եւս 25 արտասահմանցի քաղաքացի։
Վտարուածները եղած են Եգիպտոսի, Թուրքիոյ, Հնդկաստանի, Յորդանանի, Իրանի, Նիճերիոյ, Փաքիստանի, Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Չինաստանի քաղաքացիներ, գրած է Սփութնիք գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը։
Ըստ գործող օրէնսդրութեան՝ վտարուած անձանց կ՚արգիլուի կրկին մուտք գործել Վրաստան, նշուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։