Գանատայէն հայրենիք՝ Հայաստան, հայրենադարձած Արազ Չիլոյեան- Ճանպազեան օրերս ճանչցուած է որպէս Երեւան քաղաքի «Աշխոյժ քաղաքացի»։
Նշենք, որ Արազ, որ կը գործէ առողջապահական ոլորտին մէջ, կողակիցն է հայ մամուլի եռանդուն գործիչ եւ «Արեւելք» լաւ բարեկամ Տիար Ռուբէն Ճանպազեանին։
Այս առթիւ կը յղենք մեր շնորհաւորական խօսքը եւ ստորեւ կը ներկայացնենք լուրին մասին Արազ Չիլոյեանի կատարած գրառումը՝
Այսօր Երեւանի քաղաքապետարանը զիս ճանչցաւ որպէս «Ակտիւ Քաղաքացի» ծրագիր-յաւելուածին (app) ամէնէն աշխուժ օգտագործողներէն մէկը։ Մաս կը կազմեմ Երեւանի բնակիչներու այս փոքր խումբին, որոնք կանոնաւոր կերպով կը գործածեն այս ծրագիրը քաղաքի բազմաթիւ հարցերը լուծելու համար:
Ծրագիրը գործածելը շատ պարզ ու դիւրին է. երբ խնդիր մը կը նկատես՝ այդ ըլլայ ճամբուն մէջը փոս, չգործող լուսացոյց, ապօրինի տեղադրուած ցուցանակ կամ որեւէ այլ խնդիր, կը լուսանկարես, կարճ նշում մը կը գրես ու կը ղրկես։ Զեկոյցը կ'երթայ համապատասխան բաժին եւ կը տեղեկացուիս երբ խնդիրը լուծուի:
Ինծի համար շատ հետաքրքրական էր, որ այսօրուան պատուողներուն մեծ մասը (ներառեալ ես) բնիկ Երեւանցի չեն. այսինքն թէեւ այստեղ կ'ապրին, այստեղ չեն ծնած-մեծցած, ինչ որ շատ խօսուն փաստ է:
Ծրագիր-յաւելուածը ձրի եւ պարզ գործիք մըն է, որ մեր բոլորին հնարաւորութիւն կու տայ մասնակցելու քաղաքի վերելքին։ Եթէ Երեւանի մէջ կ'ապրիս, կամ նոյնիսկ յաճախ կ'այցելես, ներբեռնէ՛ ծրագիրը եւ օգտագործէ զայն։ Քիչ հանրային գործիքներէն է, որ լաւ ձեւով կ'աշխատի եւ բողոքդ տեղ կը հասցընէ։