Վերջին օրերու «գումբուրդոյական» երեւույթը մանրանկարն է արդէն քսան տարի ձգուող վրացահայկական-ջավախքեան մեծ պատկերի:
Կողմերու մէջ չկան վրացական եւ հայկական շահեր, կան այլ երեւույթներ, ինչպիսիք են՝ խաչը, մահիկը, մահակը եւ ամենակարեւորը՝ թերթիկը:
Նախ հայերու Խաչը
Որո՞ւ կը պատկանին Վրաստանի հայկական եկեղեցիները: Եկեղեցին, այսինքն Տիրոջ տունը, աղօթքի վայր է: Այն կոչուած է բոլորս միացնելու, մանաւանդ՝ Քրիստոսի հետեւորդները, այս պարագային՝ հայերուն եւ վրացիներուն, որոնք պատիւն ունին ըլլալու արեւելեան քրիստոնեայ ազգերւ վերջին մնացորդները: Սակայն, ահա Խաչը յանուն պոպուլիզմի(ժողովրդականութեան) եւ յետամնացութեան եւ նամանաւանդ՝ շնորհիւ մահիկի, հայերու եւ վրացիներու միջեւ դարձեր է յարատեւ վէճի առարկայ:
Թուրք-աազրպեճանական մահիկը
Մահիկը, այսինքն թուրք-ազրպեճանական եղբայրութիւնը եւ թուրքական ազգերու տարածքային շարունակականութեան հեռանկարները, շնորհիւ ազրպեճանական դրամագլուխ, անդադար քիթը «կը խոթեն» հայ-վրացական խնդիրներու մէջ, միշտ ստուերէն, եւ միշտ, բնականաբար յանուն պառակտման: Իսկ Սոքարա-Աքափիական զինանոցի մէջ կ'օգտագործուի առաջին հերթին մահակը:
Վրացական մահակը
Ստուէրի մէջ գործող մահիկը կը շարժէ վրաց իշխանութիւններու ներսը թերեւս արմատացած գամսախուրդիա-սահակաշվիլիական թափթփուկ ազգայնականներուն, որոնք, ճոխ սեղաններու շուրջ, զլանալով տեսնել Վրաստանի թուրքացումն ու տնտեսութեան սոքարացումը, Վրաստանին սպառնացող վտանգը կը տեսնեն հայերու մէջ, եւ նամանաւանդ Վրաստանի հեռանկարներուն սպառնացող խեղճ «Հայկական Խաչի» մէջ: Այս պարագային անոնք մէկ անգամէն եւ անհասկնալիօրէն կ'օգտագործեն տարաբնոյթ միջոցներ, ինչպիսիք են վրացական յատուկ ջոկատայիններուն, հայատեաց ԶԼՄ-ներուն, եւ շատ այլ խայտաբղէտ միջոցներ, մէկը միւսէն աւելի ծիծաղելի:
Հայ-Վրացական բարդ յարաբերութիւններու մէջ կարծես քիչ չեն հայկական խաչը, ազրպեճանական մահիկն ու վրացական մահակը, կայ նաեւ՝ թերթիկը:
Ընտրական թերթիկը
Ահա կը մօտենան հերթական ընտրութիւնները, եւ Թբիլիսէն մինչեւ Ախալքալաք կ'ահագնանայ ընտրաթերթիկներու «պարը»: Ո՞վ է առաջիկային ուտելու պետական սնտուկի մէջ Ջավախքի զարգացման համար գլորուող քանի մը ողորմելի գրոշը: Եւ ահա, մէկ այլ ստուէրէն շրջանային «գործիչներ» չեն զլանար իրենց հերթին օգտուիլ հայկական խաչէն՝ գրգռելով վրացական մահակի եւ թուրք-ազրպեճանական մահիկի ախորժակները: Մինչեւ կ'անցնին ընտրութիւնները, կը բաշխուին աթոռները, եւ կը հանդարտի Ջավախքը:
Արդ նման բարդ տարածաշրջանի մէջ, ուր կրկին անգամ եւս ցեղասպանութեան, ստրկացման, տեղահանման վտանգի առջեւ կանգնած են ոչ միայն քրիստոնեայ, այլ նաեւ՝ փոքր բնիկ շատ ժողովուրդներ, այսպիսի իրավիճակը անթոյլատրելի է:
Մանր առեւտրականներուն, խման ազգայնականներուն եւ սոքարեան յուդայական արծաթ դրամները մսխողներուն չի յաջողիր ապակայունացնել ջավախքեան տարածաշրջանը, որովհետեւ ատկէ կախուած է ոչ միայն ջավախահայերու անդորրն ու անվտանգութիւնը, այլ նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի պետական անվտանգութեան բոլոր երաշխիքները:
Հայ-վրացական համագործակցութեան այլընտրանք չկայ: Միջհամայնքային եւ սահմանային ընդհարումներու պարագային Հայաստանն ու Վրաստանը չեն կրնար յաղթահարել իրենց կայացման այս բարդ ժամանակաշրջանը: Հանրապետական Հայաստանն ու վրացական երազանքը կարողացան կայունացնել ետսահակաշվիլիական տարածաշրջանը, եւ այդ կայունութիւնը կը սկսի տալ իր պտուղները:
Պետք է վերջ տալ խաչի, մահիկի, մահակի եւ թերթիկի ախտանիշներուն եւ մեզի պարտադրուող եւ անընդհատ կրկնուող անցանկալի ցնցումնեուն:
Խաչը, ինչպէս քուէաթերթիկը, այսինքն հաւատքն ու ժողովրդավարութիւնը կոչուած են ըլլալ մարդկութեան զարգացման մեծագոյն խորհրդանիշները, եւ ոչ՝ յետամնաց ու անկուշտ ստուէրի խաղալիքներ: