ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ գիշեր ցաւակցական հեռագիր յղած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Նախագահ Վլատիմիր Փութինին` Թուրքիոյ մէջ ՌԴ դեսպան Անտրէյ Գառլովի բարբարոսական սպանութեան առիթով: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն։
ՀՀ Նախագահը խստօրէն դատապարտած է այդ ահաբեկչական գործողութիւնը, ցաւակցութիւն յայտնած դեսպանի հարազատներուն ու մերձաւորներուն, ՌԴ դիւանագիտական ծառայութեան եւ Ռուսիոյ ամբողջ ժողովուրդին: