Ֆրանսահայ բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեանի կողմէ Հայաստանի մէջ նկարահանուած նոր ժապաւէնը՝ «Celui qu'on attendait»-ն («Ան, որուն կը սպասէինք») Ֆրանսայի շարժանկարի սրահներուն մէջ պիտի ներկայացուի 8 Յունիսէն սկսեալ:
Գլխաւոր դերերը ստանձնած են ֆրանսացի դերասան Փաթրիք Շէնէ, Արսինէ Խանճեան, Ռոբերտ Յարութիւնեան, Նիկոլա Աւետիսեան, Ստեփան Ղամբարեան:
Ֆիլմը կատակերգութիւն մըն է, որու հերոսը՝ Ժան-Փօլ Պոլզէք կը ժամանէ Ազէրպայճան, տեղւոյն ֆրանսական համայնքին համար ներկայացում տալու: Օդակայան վերադառնալու ճամբուն վրայ թաքսին կը խանգարուի եւ Պոլզէք կը մնայ ճամբուն կէսին, առանձին:
Ժապաւէնին հերոսը անգիտակցաբար կ՚անցնի Հայաստանի սահմանը: Հոն, ան կը հասկնայ, որ զինք ուրիշի մը հետ կը շփոթեն: