image

Սերպիա մտադիր չէ արդարանալ Ատրպէյճանին, Կիպրոսին եւ ԱՄէ-ին սպառազինութիւն մատակարարելու համար․ Վուչիչ

Սերպիա մտադիր չէ արդարանալ Ատրպէյճանին, Կիպրոսին եւ ԱՄէ-ին սպառազինութիւն մատակարարելու համար․ Վուչիչ

Սերպիան ռազմական նշանակութեան սարքաւորումներու արտադրութեամբ եւ արտահանմամբ կը զբաղի գործող պայմանագրերուն համապատասխան եւ մտադիր չէ արդարանալ իր գործողութիւններու համար: Այդ մասին յայտարարած է Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտար Վուչիչը՝ ժողովուրդին յղած ուղերձին մէջ:

«Մենք սպառազինութիւն կամ զէնք չենք արտահաներ, մենք պայմանագիր ունինք միայն Ատրպէյճանի, Կիպրոսի եւ մէկ արաբական երկրի՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ։ Մենք որեւէ այլ երկրի հետ սպառազինութիւն եւ զէնք մատակարարելու համաձայնագիր չունինք։ Այդ ըրած ենք այն պատճառով, որ կարողանանք պաշտպանել մեզ, որպէսզի մեր եղբայրներէն ոչ մէկը՝ ռուսերը, ուքրանացիները կամ ուրիշները, չսպանուին սերպական զէնքէ։ Մենք այդ ամէնը հաշուի կ՚առնենք»,- ընդգծած է Վուչիչը։

Անոր խօսքով՝ այդ հարցի շահարկումն ուղղուած է ռուս-սերպական յարաբերութիւններու սրման։

Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով լրագրողներուն յայտնած էր, որ Մոսկուան Պելկրատի հետ շփումներուն մէջ պիտի յստակեցնէ այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց՝ Արեւմուտքի երկիրներուն վաճառուող սերպական զինամթերքի մէկ մասը կը հասնի Ուքրանիա: