Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանը որոշում կայացուցած է Սամուէլ Կարապետեանը կալանաւորելու՝ երկու ամսով: Այդ մասին դատարանի շէնքի դիմաց լրագրողներուն յայտնած է Կարապետեանի պաշտպան Արմէն Ֆերոյեանը:
Պաշտպանը յայտարարած է, որ կայացուած որոշումն ապօրինի է եւ անոնք մտադիր են բողոքարկել այն վերադաս ատեանի մօտ։
Ֆերոյեանի խօսքով, դատարանի որոշման հիմքին մէջ չկան բաւարար իրաւական հիմնաւորումներ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու համար: