Բարերար Սամուէլ Կարապետեանի նախաձեռնութեամբ «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը 3 միլիոն ԱՄՆ տոլար յատկացուցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցով Արցախի մէջ մարդասիրական ու ընկերային ծրագրերու իրագործման համար: Այս մասին յայտնած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամի դիմատետրի էջը:
«Հիմնադրամը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Կարապետեանին նուիրատուութեան, Արցախին շարունակական աջակցութեան համար»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելի վաղ, Սամուէլ Կարապետեանը 50 միլիոն դրամ փոխանցած էր «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին` ի աջակցութիւն Արցախի: