image

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ «Ասպարէզներու ծանօթացման օր» 

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ «Ասպարէզներու ծանօթացման օր» 

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժինը, օրերս, կազմակերպած է ձեռնարկ մը, որ համախմբած Է. եւ Ը. դասարաններու սաներն ու ծնողները։ «Ասպարէզներու ծանօթացման օր» անունով կազմակերպուած հաւաքոյթին Սահակեան լիսէէն շրջանաւարտ շարք մը դէմքեր իրենց փորձառութիւնները բաժնեցին տղոց հետ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

26 Նոյեմբեր 2024 Երեքշաբթի գիշեր՝ Սահակեան Նունեան վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ յաջող ձեռնարկ մը, որուն ներկայ եղան Է. եւ Ը. դասարանի սաներ եւ իրենց ծնողները։ Անոնք առիթը ունեցան ծանօթանալու Սահակեան-Նունեան Լիսէէ շրջանաւարտ տարբեր ասպարէզներու տէր յաջող անձերու հետ, որոնց տուած բացատրութիւնները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին եւ իրենց հարցումներ ուղղեցին։

Վարժարանի միջնակարգի տնօրէնուհի՝ Ալին Եիւճէլ իր խօսակցութեան մէջ դիտել տուաւ որ տղաքը դեռ միջնակարգի տարիներուն պէտք է ասպարէզներու մասին գաղափարներ գոյացնեն եւ Սահակեանցի ըլլալու առաւելութիւնները զգան։

Օրուան հիւրերն էին. մանկական բժիշկ՝ Թարա Կիւլէրօղլու, երաժիշտ՝ Արի Պարութօղլու, «կասթրօնօմի» ճիւղի շրջանաւարտ՝ Գարէն Ճինօղլու, դեղագործ՝ Սարահ Եըլանճըօղլու, տարրաբանութեան ուսուցչուհի՝ Սիրուն Էօզչէլիք, մարմնամարզիչ՝ Օհաննէս Մուրատեան, փաստաբան՝ Նարօտ Տէմիրճի Աքթաշ եւ հաշուակալութեան վաստակաշատ քննիչ՝ Նատին Զինճիրճի Աքսու, որոնք իրենց ասպարէզներու մասին փորձառութիւնները բաժնեցին ներկաներու հետ։

Երեկոյթի աւարտին, վարժարանի ուղեցոյց ուսուցչուհի՝ Լէթիսիա Էզէր Իսքէթէ մեծ գոհունակութեամբ յայտնեց որ հիւրերը մտերմօրէն պատասխանած էին ներկայ տղոց հարցումներուն եւ լուսաբանած էին զանոնք։