Սահմանին տիրող ընդհանուր իրավիճակը գնահատելով ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ յետ այսու չպէտք է առկայ լարումը ներկայացնել, որպէս հրադադարի խախտում այլ, որպէս համեմատական դադար կամ հանգիստ: Ըստ Յովհաննիսեանի Հայաստան այսօր կը գտնուի պատերազմի մէջ: Ան խօսելով ՀԱՊԿ-ի այս հարցին մէջ ունենալիք դերակատարութեան մասին դիտել տուաւ, որ ՀԱՊԿ-ը այս հանգրուանին կարեւոր փուլի մը մէջ եւ այս իմաստով շատ փայլուն խօսք ըսած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ երէկ խօսած էր ՀԱՊԿ-ի կայացման եւ զարգացման մասին ներկայացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ունեցած դրական դերը այդ առումով:Յովհաննիսեան նաեւ նկատել տուաւ, որ Ազրպէյճան այս ընթացքով հակամէտ է կորսնցենլ իր յատուկ ուժերու կարողականութիւնը: