image

«Համաս»-ը, Իսրայէլ-Լիբանան զինադադարի լոսին տակ, պատրաստ է Կազայի մէջ հրադադարի մասին համաձայնագիր կնքելու. լրատուամիջոցներ

«Համաս»-ը, Իսրայէլ-Լիբանան զինադադարի լոսին տակ, պատրաստ է Կազայի մէջ հրադադարի մասին համաձայնագիր կնքելու. լրատուամիջոցներ

Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը, Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադարի մասին յայտարարութենէն ետք, պատրաստ է Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի մասին համաձայնագիր կնքելու։ Այս մասին, Times of Israel-ի հաղորդմամբ, Agence France-Presse-ին յայտնած է խմբաւորման անանուն ներկայացուցիչը։

«Մենք Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Թուրքիոյ մէջ միջնորդներուն տեղեկացուցած ենք, որ «Համաս»-ը պատրաստ է հրադադարի համաձայնագրի եւ գերիներու փոխանակման լուրջ գործարքի», - AFP-ին ըսած է պաշտօնեան: Ան Իսրայէլը մեղադրած է համաձայնագրի ստորագրումը խոչընդոտելու համար։

Յիշեցնենք, որ Կազայի հատուածին մէջ «Համաս»-ի եւ Իսրայէլի միջեւ մարտերը վերսկսած են անցեալ տարուան հոկտեմբերէն։ Այս ընթացքին Կազայի մէջ զոհուած է աւելի քան 40,000 մարդ: