image
Հրատապ լուրեր:

Ռոււսիա իր ձեռքերը լուաց Ռուբէն Վարդանեանէն. Զատուլին

Ռոււսիա իր ձեռքերը լուաց  Ռուբէն Վարդանեանէն. Զատուլին

Ես սա, ի հարկէ, կը գնահատեմ, որպէս այն ճնշման հետեւանք, որ գործադրուած է նախ եւ առաջ Ատրպէյճանի կողմէ ոչ միայն Ռուբէն Վարդանեանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի, այլ նաեւ հայկական կողմի վրայ, սկզբունքօրէն, որ չպաշտպանեց Վարդանեանը։ Այս մասին «Կը Խօսի Մոսկուան» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պետդումայի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնսթանթին Զատուլինը։

Ան ափսոսանք յայտնած է, քանի որ Վարդանեանի յայտնուիլը կարեւոր է ոչ միայն ինքնին, այլ նաեւ՝ այն յոյս կը ներշնչէ Լեռնային Ղարաբաղի տառապեալ բնակչութեան, որ ինք չի լքուիր։

«Ան բորբոքեց այդ յոյսերը, եւ անոր հրաժարականն, ի հարկէ, կը վնասէ անոր եւ շատերը կը դրդէ, որ ոտքով քուէարկեն, այսինքն հեռանան Լեռնային Ղարաբաղէն՝ թողելով իրենց պապերու հողը։ Սա ողբերգական ելք է, առաջինը չէ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Ես չեմ ուզեր պահանջներ ներկայացնել անձամբ Վարդանեանին. ան, ըստ երեւոյթին, պէտք է բոլոր խնդիրները կշռադատեր այս պաշտօնն ընդունելէն առաջ։ Ըստ ամենայնի, ան թերագնահատած է իր վրայ ճնշում գործադրելու աստիճանը»,- նշած է Զատուլինը։ Պատգամաւորը կը կարծէ, որ այստեղ փոքր կշտամբանք կարելի է ուղղել նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան, որուն անվերջ կը դիմէին պահանջներով, որ Ռուբէն Վարդանեանը տանինք, որպէսզի ստիպենք հեռանալ այնտեղէն։

«Այն բանէն յետոյ, երբ Վարդանեանը թողեց ՌԴ քաղաքացիութիւնը, որպէսզի դառնայ Հայաստանի քաղաքացի, մենք պաշտօնական պատասխան ունէինք, որ կապ չունինք Վարդանեանի, անոր ասպարէզի ծրագիրներուն հետ։ Կը կարծեմ, որ այս դէպքին մենք ալ տուած ենք պաշտօնական պատասխաններ եւ չենք ցանկացած վիճաբանիլ ատրպէյճանական կողմին հետ, ձեռքերը լուացած ենք Պոնտացի Պիղատոսի պէս։ Կովկասի մէջ ձեռքերը լուացողին դիրքը ապագային, ցաւօք, օգուտ չի բերեր։ Սա չփարատեց ատրպէյճանական եւ թրքական կողմերու կասկածները, անոնք կը շարունակէին պնդել այդ եւ նոյնիսկ վերջերս Լաչինի միջանցքի բացումը կապեցին Վարդանեանի պաշտօնը լքելու հետ։ Այս պահանջն իրականութեան մէջ տեսակ մը կիսապաշտօնական բնոյթ կը կրէր։ Կը կարծեմ, որ հիմա, այս ամէնէն յետոյ կրնանք պարզել, թէ այդպէս է արդեօք իրականութեան մէջ, կը բացուի արդեօք Լաչինի միջանցքը, կը վերացնեն արդեօք Լաչինի միջանցքի շրջափակումը Ատրպէյճանի, այսպէս կոչուած, բնապահպանները, որոնք, ի հարկէ, ոչ մէկ բնապահպաններ ալ չեն, անոնք կը վերահսկուին Պաքուէն»,- ընդգծած է Զատուլինը: