image

Ռուսիան չի պատրաստուիր միջուկային զէնք օգտագործել՝ Ուքրանիոյ մէջ

Ռուսիան չի պատրաստուիր միջուկային  զէնք օգտագործել՝ Ուքրանիոյ մէջ

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Տմիթրի Փոլեանսքի Maverick News կայքին տուած հարցազրոյցին վստահեցուցած է, որ Մոսկուան մտադրութիւն չունի Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու դէմ միջուկային զէնք կիրառել։

«Նախ ըսեմ, որ մենք միջուկային սկզբունք ունինք, եւ այն կ'ըսէ, որ մենք առաջինը պիտի չօգտագործենք միջուկային զէնք: Այն կրնայ օգտագործուիլ միայն այն պարագային, եթէ վտանգ ըլլայ Ռուսիոյ գոյութեան»,- ընդգծած է Փոլեանսքի։

«Ես կ'ընդգծեմ, որ մենք չենք նախատեսեր օգտագործել միջուկային զէնք Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին»,- շարունակած է դիւանագէտը՝ նշելով, որ «ռազմական տեսանկիւնէն այդ անիմաստ է»։

«Սակայն, դարձեալ, այդ կախուած է ՆԱԹՕ-ի ներգրաւուածութեան աստիճանէն եւ Ռուսիոյ սպառնացող վտանգի մաշտապէն»,- ըսած է Փոլեանսքի։