Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը, յուլիս 19-ին, զսպուածութեան կոչ ըրած է այն բանէ ետք, երբ Իրանի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ Միացեալ Նահանգները հարուածած է երկրի հարաւ-արեւմուտքին մէջ կառուցուող աթոմակայանը։ Այս մասին նշուած է գործակալութեան X ընկերային ցանցի մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
«Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը կը քննէ Իրանի Տարքհովին շրջանին մէջ նախատեսուած աթոմակայանի շինհրապարակին վրայ գիշերը տեղի ունեցած յարձակման մասին հաղորդումները։ Կայանը շինարարութեան ամէնէն նախնական փուլին մէջ կը գտնուի, եւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան վերջին այցելութեան ընթացքին հոն միջուկային նիւթ չէ եղած։
Թէեւ հաղորդուած յարձակումը ճառագայթային որեւէ վտանգ չի ներկայացներ, Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսի դարձեալ կոչ ուղղած է ռազմական զսպուածութիւն ցուցաբերելու բոլոր միջուկային կառոյցներուն մօտ գտնուող տարածքներուն մէջ»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։