Լիբանան- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լավրով պատգամ նամակ մը յղած է իր Լիբանանցի պաշտօնակիցին: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրներ նաեւ կը յայտնեն, որ Լավրով Պասիլին թելադրած է Աունէն պահանջել երկրի նախագահական ընտրութեան համար համաձայնական թեկնածուի մը համար ճանապարհ հարթել: Առաջին անգամն է, որ ռուսական կողմը ուղղակիօրէն կեցուաղք կը յայտնէ կապուած Լիբանանի նախագահական ընտրութեան օրակարգին վերաբերեալ: Յիշեցնենք, որ «Ազգային ազատ հոսանք»ի առաջնորդ երեսփոխան Միշէլ Աուն իր խմբակիցներուն հետ մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ նախագահ ընտրուելու համար: Աունի երեսփոխանական պլոքը կը համարուի քրիստոնեայ մեծագոյն պլոքը երկրի խորհրդարանին մէջ եւ այդ պլոքին մաս կը կազմէ , Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: