Լիբանանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը Պաապտայի նախագահական պալատ այցելեց։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց համացանցէն։
Նշենք, որ պատուիրակութիւնը կը նախագահէր ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Տօքթ. Աւետիս Տագէսեան։
Այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել Զօր. Աունը երկրի նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առթիւ։
Հանդիպման ժամանակ խօսքերով հանդէս եկած են նախագահ Աունն ու Տօքթ. Տագէսեանը, որմէ ետք տեղի ունեցած է քննարկում ներ-լիբանանեան հիմնահարցերու, ինչպէս նաեւ կողմերը յուզող հարցերուն մասին։