Իրանի մէջ Ռաշթ-Ասթարա երկաթուղային գիծը, որ Հիւսիս-Հարաւ միջազգային փոխադրային միջանցքի մաս կը կազմէ, պիտի կառուցուի 2027 թուականին, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան առաջին փոխվարչապետ Անտրէյ Պելոուսովը, հաղորդած է Интерфакс-ը։
«Ըստ համաձայնագրի՝ շինարարութիւնը պէտք է տեւէ 4 տարի։ Նախագծման եւ երկրաբանական հետախուզման աշխատանքներն արդէն ընթացքի մէջ են։ Մենք կը նախատեսենք, որ 2027 թուականի 3րդ եռամսեակին կամ մինչեւ 2027 թուականի վերջը բոլոր աշխատանքները պէտք է աւարտին ամբողջութեամբ»,-ըսած է ան։
Պելոուսովը յայտնած է, որ այս երթուղիի գործարկման համար շատ աշխոյժ աշխատանքներ կը տարուին։ Կասպից ծովու ափամերձ գօտին ծանծաղ է, եւ 4 մեթր քաշով նաւերու մուտքի համար այնտեղ յատուկ ջրանցք կը կառուցուի, եւ այս տարի սկսած են համապատասխան հողահանման աշխատանքները։
«Ընդհանուր առմամբ, մենք կը նախատեսենք Հիւսիս-Հարաւ երթուղիի երկայնքով բեռնատարողութիւնը մինչեւ 2030 թուականը հասցնել 41-45 միլիոն թոնի, որ երեք անգամ աւելի է այսօրուան ծաւալներէն։ Այսօր այս երեք ուղղութիւններով (Արեւելեան, Կեդրոնական եւ Անդրկասպեան) մենք կը տեղափոխենք մօտ 15 մլն թոն»,- աւելցուցած է առաջին փոխվարչապետը։