Ռուսիան կ՚ողջունէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման նպատակով շփումները։ Այսպէս Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը պատասխանած է URA.RU-ի հարցին այն մասին, թէ ինչպէս Քրեմլը կ՚արձագանգէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման։
«Մենք, ի հարկէ, կ՚ողջունենք նման ուղիղ երկխօսութեան փաստը, եւ մենք բազմիցս տարբեր մակարդակներով ըսած ենք, որ կ՚ողջունենք խաղաղութեան պայմանագրի հնարաւորինս շուտ ստորագրումը։ Նման համաձայնագրի ստորագրումը պիտի դառնայ շատ կարեւոր գործօն, որ կանխատեսելիութիւն, կայունութիւն եւ խաղաղութիւն պիտի հաղորդէ տարածաշրջանին։ Մենք լիովին կ՚աջակցինք այս գործընթացին», -ըսած է Փեսքովը։
Յիշեցնենք, որ Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած են բանակցութիւններ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ: Մինչեւ առանձնազրոյցը, կողմերը հանդիպում ունեցած են ընդլայնուած կազմով: