image

Ռուսաստան կոշտ պիտի պատասխանէ որեւէ սահման խախտողի. Նախագահ Փութին

Ռուսաստան կոշտ պիտի պատասխանէ որեւէ սահման խախտողի. Նախագահ Փութին

Ռուսաստանը կոշտ պիտի պատասխանէ իր տարածքի դէմ ոտնձգութեան փորձերուն, յայտարարած է նախագահ Վլատիմիր Փութինը «Յաղթանակ» կազմկոմիտէի նիստի ընթացքին, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստին»:

«Բոլորը կը փորձեն խածնել մեզ կամ մեզմէ խածնելով ինչ-որ բան պոկել, բայց անոնք պէտք է գիտնան, որ մենք բոլորին ատամները կը փշրենք, որպէսզի չկարողանան խածնել, եւ ատոր գրաւականը զինուած ուժերու զարգացումն է»,-ըսած է ան:

Անոր խօսքով՝ հազիւ որ երկիրը կ'ուժեղանայ, հակառակորդներն անմիջապէս պատրուակ կը գտնեն, որ փորձեն սահմանափակել անոր զարգացումը:

«Ինչ ալ ընենք, ինչքան ալ ձգտինք բաւարարել ախորժակները անոնց, որոնք կը փորձեն մեզ զսպել, զսպումը դեռ կը շարունակուի, քանի որ մեր շատ հակառակորդներուն, այսպէս անուանենք անոնց, Ռուսաստանի նման երկիր պարզապէս պէտք չէ։ Բայց այն մեզի է պէտք՝ ձեզ հետ միասին, եւ այն պէտք է մեր մարդոց՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացիներուն»,- ըսած է Փութինը:

Ան ընդգծած է, որ Ռուսաստանը չերթար տնտեսութիւնը ռազմականացնելու ճանապարհով: Նախագահը յիշեցուցած է, որ այս տարի պաշտպանութեան համար յատկացուած է երեք թրիլիոն ռուբլի կամ ընթացիկ փոխարժէքով 42 միլիառ տոլար, մինչդեռ ԱՄՆ ռազմական ծախսերը, ինչպէս նշած է ան, «աւելի քան 770 միլիառ» կը կազմեն։