Մոսկուան ոչ հրապարակային կապեր կը պահպանէ շարք մը եւրոպական առաջնորդներու հետ, ըսած է Լաւրովը։
«Ես չեմ թաքցներ այն փաստը, որ մենք կապեր ունինք որոշ եւրոպական առաջնորդներու հետ։ Անոնք կը զանգեն եւ կը խնդրեն մեզմէ չհրապարակել այդ զրոյցները։ Ոմանք նոյնիսկ այստեղ կը յայտնուին»,- ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը RT-ին տուած հարցազրոյցին։
Ան նաեւ նշած է, որ եւրոպացի առաջնորդներու կողմէ «նման փակ, գաղտնի շփումներու ընթացքին» եղած յայտարարութիւնները ոչնիչով կը տարբերին անոնց հրապարակաւ ըսածներէն։
«Նոյն հին կոչերը. եկէք վերջ տանք ռուս-ուքրանական պատերազմին, ինչ-որ բան պէտք է կատարուի»,-ըսած է Լաւրովը։