Ռ.Ա.Կ.-ը մինչեւ այսօր եւս կը շարունակէ կատարել իր առաքելութիւնը հետեւելով նոյն սկզբունքներուն շնորհիւ մանաւանդ իր մամուլին:
Շնորհիւ, մանաւանդ Սփիւռքին մէջ, Ռ.Ա.Կ.-ին կատարած այս գերզգայուն դերին է որ Սփիւռքահայ զանգուածները, հակառակ անցեալին Խորհրդային կարգերու շրջանին ստեղծուած յաճախ քաղաքականօրէն շատ դժուար մթնոլորտին, հոգեպէս կապուած մնացին Մայր Հայաստանին եւ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին այս վերջնոյն անկախացումը: Շնորհիւ նոյն գործունէութեան է որ նաեւ 40-ական եւ 60-ական թուականներուն, յաջողեցաւ ներգաղթի մեծ շարժումը, որուն շնորհիւ Հայաստան կարողացաւ Խորհրդային Միութեան մէջ, պահել իր ինքնավարութիւնը: Վերջապէս մեծ չափով Ռ.Ա.Կ.-ի կատարած առաջնորդող դերին շնորհիւ է որ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուած Անթիլիասական հերձուածը սանձուեցաւ եւ Մայր Աթոռը պահեց իր պատմական գերակայութեան դիրքը:
Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
Շրջանաւարտ Երկարամեայ Ատենապետ
Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան
Մեր ազգային քաղաքական կեանքի պատմութեան լայն համայնապատկերին վրայ, նշանակալից տեղ կը գրաւէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ծնունդը, 1921 տարուայ Հոկտեմբերի 1-ին: Այդպէս ուրեմն ընթացիկ Հոկտեմբեր ամսուան մէջ կը նշենք Ռ.Ա.Կ.-ի 103-րդ տարեդարձը:
Սկսելով 1921-ին նախորդող՝ Մեծ Եղեռնի հայոց գոյութեան իսկ սպառնացող տագնապալից տարիներէն, ապա խորհրդային համակարգի ստեղծման եւ համաշխարհային մեծ յեղաշրջումներու ու պատերազմներու այլապէս խրթին տարիները, եւ վերջապէս այս վերջնոյն յաջորդող երեք տասնամեակներու՝ Հայաստանի վերանկախացման յաջորդող բոլորովին նոր մարտահրաւէրներու տարիները, հայ ժողովուրդը՝ հայրենիքի մէջ ինչպէս նաեւ աշխարհատարած նորաստեղծ Սփիւռքին մէջ, ապրած է, այսօր ալ կը շարունակէ իր գոյութիւնը պահպանել դիմակալելով բացառիկ մարտահրաւէրներ: Հայութիւնը բոլոր այդ անցնող տարիներուն ընթացքին եւ այսօր աւելի քան երբեք կը գտնուի ամէնօրեայ պայքար մղելու պարտաւորութեան մթնոլորտի մէջ:
Որեւէ գիտակից ժողովուրդի մը համար եւ մանաւանդ այսպիսի պայմաններու մէջ գտնուող հայ ժողովուրդին համար, քաղաքական կուսակցութիւններու կազմութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն էր: Այդպէս ալ 1921 Հոկտեմբերի 1-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (Ռ.Ա.Կ.) ծնունդ առաւ միացումովը արդէն իսկ գործող չորս կուսակցութեանց: Յատկանշական է թէ այդ չորսերէն մէկն է Արմենական Կուսակցութիւնը որ ստեղծուած ըլլալով 1885-ին Վանի մէջ, որպէս մեր պատմութեան մէջ առաջին կուսակցութիւնը, այդպէսով ալ, ան Ռ.Ա.Կ.-ին տուած է հայ իրականութեան մէջ գործող ամենահին եւ առաջին կուսակցութիւնը նկատուելու անվիճելի իրաւունքը:
Ներկայ հակիրճ այս գրութեան նպատակն է առաջին հերթին նշել մեր կուսակցութեան տարեդարձին պատմական նշանակալից պատեհութիւնը: Յետոյ սակայն անհրաժեշտ կը նկատենք սրարշաւ թռիչքով մը յետադարձ ակնարկ մը նետել անցնող 103 տարիներուն ընթացքին անոր կատարած դերին եւ վաստակին, եւ ապա վերջապէս լրջագոյն մտահոգութեամբ ակնարկ մը նետել մեր ժողովուրդին եւ անոր մէջ մեր կուսակցութեան՝ նախատեսելի, դիմաւորելիք ապագային վրայ:
Առաջին հերթին արդար հպարտութեամբ եւ փաստացի տուեալներու ոյժով կը նշենք թէ իր ստեղծման առաջին իսկ օրէն Ռ.Ա.Կ.-ը իր գերագոյն նպատակը նկատած է իր կազմակերպչական եւ քարոզչական բոլոր միջոցները անբաժանօրէն տրամադրել հայ ժողովուրդին եւ հայոց հայրենիքին գերագոյն շահերու հետապնդման եւ պաշտպանութեան դժուարին աշխատանքին: Գերագոյն ազնուութեամբ, Ռ.Ա.Կ.-ը իր նախապատուութեանց շարքին մէջ, երկրորդական դիրքի վրայ պահած է որպէս կազմակերպութիւն՝ իր սեփական շահերու հետապնդումը:
Նոյնպէս Ռ.Ա.Կ.-ը հայոց գերագոյն շահերը հետապնդելու իր գործունէութեան մէջ, հետեւողականօրէն առաջնահերթութիւն նկատած է, կարելիութեան առաւելագոյն չափով համախմբել եւ գործակցութեան ոգի ստեղծել, մեր ժողովուրդին մէջ բնականոն կերպով գործող տարբեր քաղաքական, բարեսիրական կամ մտաւորական հոսանքներու պատկանող ոյժերուն միջեւ:
Նկատի առնելով համաշխարհային մեծ շահերու խաչմերուկին վրայ գտնուելու մեր հայրենիքին աշխարհաքաղաքական գերզգայուն դիրքը, Ռ.Ա.Կ.-ը առաջնահերթ նկատած է մեր երկրին ֆիզիքական գոյատեւման՝ գործնապէս լաւագոյն երաշխիքը խոստացող քաղաքական դիրքորոշում որդեգրելու քաղաքականութիւնը:
Այս բոլոր կենսական նկատումներուն կողքին Ռ.Ա.Կ.-ը իր առաջնահերթ պարտականութիւնը նկատած է պաշտպան եւ պահապան կանգնիլ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերագոյն շահերուն եւ հետեւաբար պաշտպան կանգնիլ, անոր գլուխը գտնուող Սրբութիւն Սրբոց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնին:
Ահա վերոյիշեալ զինք առաջնորդող գերագոյն սկզբունքներուն նկատմամբ՝ մասնաւորապէս իր ստեղծումէն մինչև 90ական թուականներու վերջերը ցուցաբերած իր անզիջող եւ ազդեցիկ գործունէութեան շնորհիւ, է որ Ռ.Ա.Կ.-ը արդարօրէն՝ ամբողջ այդ եօթ տասնամեակներու ընթացքին նկատուած է հայ ժողովուրդի հայրենասէր զանգուածներուն ԽՂՃԻ ՁԱՅՆը:
Ռ.Ա.Կ.-ը մինչեւ այսօր եւս կը շարունակէ կատարել իր առաքելութիւնը հետեւելով նոյն սկզբունքներուն շնորհիւ մանաւանդ իր մամուլին:
Շնորհիւ, մանաւանդ Սփիւռքին մէջ, Ռ.Ա.Կ.-ին կատարած այս գերզգայուն դերին է որ Սփիւռքահայ զանգուածները, հակառակ անցեալին Խորհրդային կարգերու շրջանին ստեղծուած յաճախ քաղաքականօրէն շատ դժուար մթնոլորտին, հոգեպէս կապուած մնացին Մայր Հայաստանին եւ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին այս վերջնոյն անկախացումը: Շնորհիւ նոյն գործունէութեան է որ նաեւ 40-ական եւ 60-ական թուականներուն, յաջողեցաւ ներգաղթի մեծ շարժումը, որուն շնորհիւ Հայաստան կարողացաւ Խորհրդային Միութեան մէջ, պահել իր ինքնավարութիւնը: Վերջապէս մեծ չափով Ռ.Ա.Կ.-ի կատարած առաջնորդող դերին շնորհիւ է որ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուած Անթիլիասական հերձուածը սանձուեցաւ եւ Մայր Աթոռը պահեց իր պատմական գերակայութեան դիրքը:
Մեր պատմութեան այդ շրջանները թէև ոչ բոլորովին, սակայն մեծ մասամբ անցած են այսօր եւ այժմ հայ ժողովուրդը դէմ հանդիման կը գտնուի նոր տագնապալից զարգացումներու առջեւ:
Այս հանգրուանին՝ բոլորովին տարբեր պատճառներով, սակայն նոյնքան լուրջ՝ գոյատեւման խնդիր ունի հայ ժողովուրդը թէ հայրենիքի սահմաններէն ներս եւ թէ ալ Սփիւռքի տարածքին:
Անգամ մը եւս հայ հաւաքականութիւնը, ունենալով հանդերձ իր կարեւոր տարբեր բարեսիրական թէ հոգեւորական կառոյցները, անհրաժեշտութիւնը ունի, այս վերջիններուն կողքին ունենալու մասնաւորապէս վերեւը յիշուած՝ ,ազգային գերագոյն շահերը գերադաս նկատող քաղաքական մտասեւեռում ունեցող կուսակցութեանց գործօն ներկայութեան:
Այս իմաստով, արդար եւ իրատես ակնարկ մը հայ իրականութեան տարածքին, այսօր դժբախտաբար լաւատեսութեան պատճառներ դժուար թէ գտնէ:
Աւելի քան երեսուն տարիներու անկախ պետականութեան վայելքը ունեցած մեր հայրենիքէն ներս, ընդհանուր ակնարկ մը դժբախտաբար ցոյց կու տայ թէ այնտեղ՝ լուրջ քաղաքական եւ ընկերային մտածողութիւն ունեցող եւ զայն հետևողականօրէն գործադրող կուսակցութիւն դժբախտաբար եւ պարզապէս չէ յայտնուած մինչեւ այսօր: Ինչպ՞էս կարելի է որեւէ լրջութեամբ դիմաւորել հազիւ թէ երեք միլիոն հաշուող երկրի մը մէջ բազմատասնեակ՝ իրենք զիրենք կուսակցութիւն անուանած՝ երբեմն միայն երկոտասնեակ մը անդամներ ունեցող համախմբումները: Ի պատիւ Ռ.Ա.Կ.-եան, պէտք է նկատել թէ ամբողջ մէկ դար առաջ առանց պետականութեան հովանիին, ան մտաւորական եւ քաղաքական հասունութիւնը եւ քաջութիւնը ունեցած է համախմբելու չորս կուսակցութիւններ:
Մինչեւ այսօր Հայաստանի ժողովուրդը փաստօրէն չէ կարողացած ստեղծել անհատականը հաւաքականին զոհելու հասուն քաղաքական հասկացողութիւնը: Անկախացումէն ետք, միչև այսօր, ընդհանրապէս իշխանութեան գլուխը գտնուող համախմբումը պատկերաւոր կուսակցական անուն մը կը կրէ, սակայն իշխանութիւնը կորսնցնելէ ետք, երբ անհատական շահերը կը բացակային, համախմբումը կը նօսրանայ եւ գործնապէս կ'անհետանայ...:
Տարբեր պատճառներով, սակայն պատկերը քաջալերական չէ նաեւ Սփիւռքին մէջ: Մինչ Եղեռնէն ազատած սերունդը մեծ զոհողութիւններով յաջողեցաւ տարասփիւռ հայութեան որոշ մեծ շրջաններուն մէջ պահպանել քաղաքական մտածողութեամբ կառոյցներ, եւ փոխանցել այդ կայծը իրենց յաջորդող սերունդին, սակայն այս վերջիններուն եւս յաջորդող սերունդները հասկնալիօրէն, յարաճուն եւ հասկնալի կերպով կլանուած են իրենց անմիջական միջավայրերուն մէջ դիմագրաւած մարտահրաւէրները յաղթահարելու մտահոգութիւններով:
Երեք դասական կուսակցութիւններէն մեզ անմիջականօրէն հետաքրքրող Ռ.Ա.Կ.-ը ժամանակէ մը ի վեր կորսնցուցած է իր օրինական կառոյցներու դրութիւնը: Կը մաղթենք եւ կարելի է որ տարբեր շրջաններու մէջ տարածուած լուրջ եւ գիտակից ռամկավարներ յատուկ ջանք մը ընելով հաւաքուին եւ դիւրացնեն վստահելի եւ յարգանք ներշնչող ղեկավարութեան մը վերականգնումը: Դասական միւս կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը իրենց կարգին ունին իրենց յատուկ ներքին խնդիրները:
Ռ.Ա.Կ.-ը բարեբախտաբար մեծագոյն հեռատեսութեամբ, իր ժամանակին ծնունդ տուած է հայ մշակոյթին, արուեստին եւ պատմութեան ջահը բարձր պահելու առաքելութիւնը ունեցող իր քոյր Թէքէեան Մշակութային Միութեանը որ Հայաստանի եւ Սփիւռքին մէջ՝ յատկապէս նաեւ իր հովանաւորած մամուլով, կը կատարէ շնորհակալ՝ կարեւոր արդիւնաւէտ ցայտուն գործունէութիւն մը:
Եզրակացնելով սակայն, այս հանգրուանին ազգային առաջնահերթութիւնը եւ հայոց ընդհանրական եւ գերագոյն շահերը կը պահանջեն որ առաջին հերթին Սփիւռքը, մասնակցութեամբը մանաւանդ իր բոլոր փորձուած եւ տոկուն աւանդութիւններու եւ սկզբունքներու վրայ հաստատուած կազմակերպութիւններուն, ստեղծէ համագործակցական մէկ կամ աւելի յստակօրէն նպատակադրուած գերկառոյցներ, որոշ եւ հիմնական նպատակ ունենալով մէկ կողմէ Սփիւռքի մէջ գիտակից հայկականութեան պահպանման ապահովումը, եւ միւս կողմէ առաւելագոյն ոյժգնութեամբ հայրենիքին տնտեսական եւ դիւանագիտական գետնի վրայ զօրավիգ կանգնելու միջոցներու որոնումը եւ անոնց գործադրութիւնը: Պէտք է յուսանք, մաղթենք և հաւատանք մանաւանդ, թէ այս ոյժերու համախմբման գործելակերպը վարակիչ դառնայ մեր հայրենիքի ժողովուրդին և ղեկավարութեան համար:
Ռ.Ա.Կ.-ը հաւատարիմ իր հարիւրամեայ պանծալի վաստակին, իր բոլոր միջոցներով պիտի անկասկած սատարէ այս ոգիով առաջադրուած ամէն նախաձեռնութեան: