image

Պոլիս. նշուած է Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ Դպրաց դասի 112-րդ տարեդարձը

Պոլիս. նշուած է Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ Դպրաց դասի 112-րդ տարեդարձը

Պոլսոյ մէջ, օրերս, հանդիսապետութեամբ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ նշուած է Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ Դպրաց Դասու 112-րդ տարեդարձը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։

Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝

Եշիլգիւղի Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիէն ստացանք հետեւեալ լրատուութիւնը.-

Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ Դպրաց Դասու 112-րդ տարեդարձը նշուեցաւ հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութեամբ, 22 Յունիս 2025 Կիրակի, հանդիսապետութեամբ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Օրուայ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Զուարթնոց Դ. Դաս երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։ Նախքան Տէրունական Աղօթքը, մաղթանք կատարուեցաւ Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի, ապա Սրբազան Հայրը քարոզեց «Երբ անոնք գացին, Յիսուս սկսաւ ժողովուրդին ըսել Յովհաննէսին համար. ի՞նչ տեսնելու ելաք անապատին մէջ. եղէ՞գ մը հովէն շարժուած» (Մատթ. 11։.) համարը բնաբան առնելով։ 

Յաւարտ Ս. Պատարագի կարգ տեղի ունեցաւ Դ. Դասուս վախճանեալ նախագահաց, եւ սպասաւորաց հոգւոցն հանգիստ։ Կրօնական արարողութենէ վերջ հոգեճաշի սեղան սարքուեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Դպրաց Դասու ատենապետ Բրկ. Կարապետ Ուր.դպ. Հէմէնկիւլ բացման խօսքով բեմ եկաւ։ Ինչպէս յայտնի է, Եշիլգիւղի ընտանիքը վարժարանի տնօրէն Մելիքճան Զամանի անսպասելի կորուստով մեծ սուգի մէջ է, հետեւաբար այս մթնոլորտին պատշաճ կազմակերպուած էր օրուայ յայտագիրը։ Դպրաց Դասու նախագահ՝ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Հայրը իր սրտի խօսքով բեմ եկաւ։ Շեշտեց ծառայութեան եւ ընծայման պատասխանատուութիւնը ու պարտաւորութիւնը համայնքային բոլոր հանգրուաներէն ներս։ Տէր Հայրը յանուն դպրաց դասու, շնորհակալութիւն յայտնեց թաղին յարակից մարմիններուն, քոյր դպրաց դասերու, մամլոյ եւ համանքային ներկայացուցիչներուն, որոնք զօրավիգ կանգնեցան ու խնդակից եղան այս օրուան։ Յայտագիրը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր հուսկ բանքով, որուն մէջ եւս գնահատանք կար երգչախումբի ծառայութեան ուղղեալ։